ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԱՒԱՐՏԱԾ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային ֆութպոլի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Հանգուցեալ Ալեքսան Տատեանի յիշատակին ձօնուած եւ այս տարի երկրորդ անգամ կազմակերպուած այս մրցաշարքը նախատեսուած էր միջնակարգներու մակարդակին համար։
Թաքսիմ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան հանդիպումները, որոնց արդիւնքին ախոյեանի բաժակը նուաճեց Եշիլգիւղի վարժարանին խումբը։ Երկրորդ հանդիսացաւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը, երրորդ՝ Էսաեան վարժարանը եւ չորրորդ՝ Մխիթարեան վարժարանը։
Աւարտական խաղէն վերջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեան եւ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։ Որդիք Մկրտիչ Փափազեան ջերմ հիւրընկալութեան համար առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէր մը յանձնեց Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանին։ Աւելի վերջ դափնեկիրները եւ իրենց ուսուցիչները ստացան պարգեւներ։ Ներկայ էր նաեւ հանգուցեալ Ալեքսան Տատեանի որդին՝ Ռոպէր Տատեան, որուն ալ յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը եւ ան շնորհաւորեց իր լուսահոգի հօր յիշատակին կազմակերպուած այս մրցաշարքին մասնակիցներն ու կազմակերպիչները։
Մրցանակաբաշխման արարողութենէն վերջ բոլորը զիրար շնորհաւորեցին ջերմօրէն ու ժամադրուեցան գալ տարուան համար։