ԱՌԱՋԻՆ ԱՅԳՈՒՑԸ

Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յուղարկաւորութենէն, վերջին օծումէն ու թաղման կարգէն վերջ, երէկ տեղի ունեցաւ առաջին Այգուցը։ Շիշլիի գերեզմանատան պատրիարքներու յատուկ թաղամասէն ներս արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, որու կողքին էին Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Հոգելոյս Պատրիարք Հօր առաջին Այգուցին մասնակցեցան նաեւ անցեալի մէջ իրեն աշակերտած կամ իրեն համագործակցած խումբ մը երախտաւորներ։

Առաջին Այգուցի ընթացքին կատարուեցան կանոնական աղօթքներ երջանկայիշատակ Պատրիարք Հօր հոգւոյն ի հանգիստ։ Մաս մը հող եւս աւելցուեցաւ գերեզմանին, որու մակերեսը ծածկուեցաւ թարմ ծաղիկներով։ Հարկ է նշել, որ Այգուցները պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթ։

Միւս կողմէ, վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի յուղարկաւորութեան առթիւ քաղաքս ժամանած հիւր բարձրաստիճան հոգեւորականները արդէն սկսան հրաժեշտ առնել քաղաքէս։ Երէկ, Հռոմ վերադարձաւ Արեւ-մըտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ յուղարկաւորութեան ընթացքին գլխաւորեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը եւ ընթերցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցական խօսքը։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019