ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Էսաեան վարժարանի մարմնամարզի խումբը վերջերս նուաճեց Իսթանպուլի ախոյենութիւնը։ Արտա Արսլան, Սիմոն Նալճը եւ Արաս Պուլկուր կը գտնուէին Էսաեանի կազմին մէջ, որ Իսթանպուլի միջվարժարանային առաջնութեան ծիրին մէջ փոքրերու դասաւորումէն ներս հանդիսացաւ ախոյեան։ Խումբը վերահսկեց դպրոցի մարզանքի ուսուցիչ Կէօքհան Թաշ։

Այս յաջողութիւնը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ Էսաեանի մէջ։ Տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ բոլոր աշակերտները ջերմօրէն շնորհաւորեցին ախոյեանները։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019