ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Խրվաթիոյ աւագ հիւպատոս տքթ. Իվանա Զերեքը, որ փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Գումգաբու՝ ծանօթանալու համար Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին զանազան մանրամասնութիւններ հաղորդեց թրքահայ իրականութեան շուրջ։

Աւագ հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ հրաժեշտ առնելէ առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ ստացաւ «Քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքները» գիրքի անգլերէն տարբերակը։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022