ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊՈԼԻՍԻՆ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպրե­վան­քի տե­սուչ Տ. Թոր­գոմ Վար­դա­պետ Տօ­նո­յեան շա­բա­թա­վեր­ջին Շնորհք Պատ­րիար­քի վախ­ճան­ման 25-րդ տարել­իցին առ­թիւ Գում­գա­բուի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Ար­մաշ» երգ­չա­խում­բի հո­գե­ւոր հա­մեր­գին ժա­մա­նակ հան­դէս ե­կաւ բո­վան­դա­կա­լից ե­լոյ­թով մը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Հայր Սուր­բին խօս­քը։

Բարձ­րաշ­նորհ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Սրբա­զան Հայր,

Գե­րաշ­նորհ, Գե­րա­պա­տիւ եւ Հո­գեշ­նորհ վե­ղա­րա­ւոր հայ­րեր,

Ար­ժա­նա­պա­տիւ քա­հա­նա­յից դաս,

Պոլ­սա­հայ թան­կա­գին հան­դի­սա­տես,

Ան­սահ­ման եր­ջան­կու­թիւ­նը այ­սօր հա­մա­կած է իմ հո­գիս։ Նոյն­պի­սի բերկ­րանք է, որ այս լու­սա­ծա­ծան գի­շե­րին կ՚ապ­րի Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը իր Ան­թի­լիա­սի Դպրե­վան­քով։ Նոյն­քան խայ­տանք կը տես­նեմ մե­զի հետ ներ­կայ, Դպրե­վան­քի «Ար­մաշ» երգ­չա­խում­բի մեր տղոց ոս­կեկ­րակ աչ­քե­րուն մէջ, ո­րով­հե­տեւ ժա­մա­նա­կի այս հա­տուա­ծին մէջ ձեր ա­ռաջ կը պան­ծաց­նենք ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով ձե՛ր կեան­քէն ներս  ծա­ռա­յու­թիւն բե­րած, բայց աշ­խա­տան­քի իր ու­նե­ցած լայ­նու­թեամբ, եր­կա­րու­թեամբ ու խո­րու­թեամբ հա­մա­հայ­կա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող Ան­թի­լիա­սի Դպրե­վան­քի տե­սուչ­նե­րէն եւ Պոլ­սոյ պատ­րիարք­նե­րէն Ե­րա­նաշ­նորհ Տ. Շնորհք Սրբա­զան Ար­քե­պիս­կո­պո­սին կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Այս ա­ռի­թով յի­շա­տակ­ներ կ՚ո­գե­կո­չենք, խուն­կով ու ա­ղօթ­քով օ­ծուն ա­ռիթ­ներ կը յի­շենք եւ պայ­ծառ ու փայ­լուն դէմ­քե­րու ան­մահ գոր­ծե­րը վեր­յի­շե­լով ե­րախ­տա­գի­տա­կան բա­ռեր կ՚ար­տա­սա­նենք բո­լոր այն լու­սա­միտ յաղ­թա­կան­նե­րու հաս­ցէին, ո­րոնք կազ­մա­ւո­րուե­ցան կամ գոր­ծե­ցին ի Պո­լիս, բայց նաեւ ի­րենց կնի­քը թո­ղու­ցին Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպրե­վան­քի պատ­մու­թեան ոս­կեայ է­ջե­րուն վրայ։

Ե­թէ Հա­յոց Ոս­կե­դա­րու մայ­րա­քա­ղա­քը Վա­ղար­շա­պատն է, եւ Ար­ծա­թէ դա­րու կեդ­րո­նը՝ Կի­լի­կիան,  ա­պա հո­գե­կան ան­դոր­րու­թեամբ կրնանք ը­սել, որ հա­յերս, 19-րդ դա­րուն եւ 20-րդ դա­րու ար­շա­լոյ­սին ոս­կիի պէս մեր Պռոն­զէ դա­րը կեր­տե­ցինք Պոլ­սոյ մէջ։ Հայ­կա­կան Պո­լի­սը հան­դի­սա­ցաւ հո­գե­ւոր, մշա­կու­թա­յին, գրա­կան ան­զու­գա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հրա­շա­գոր­ծու­թեանց այն­պի­սի օ­ճախ, ուր ի­րենց դիւ­թա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով մեր հան­ճա­րեղ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը զի­րար գե­րա­զան­ցե­ցին։ Հո­գե­ւո­րա­կան թէ աշ­խար­հա­կան այդ հսկա­նե­րը, ի­րենց ի­րա­գոր­ծած աշ­խա­տան­քով եւ ստանձ­նած ա­ռա­քե­լու­թեամբ փա­րոս դար­ձան մեր ժո­ղո­վուր­դին կեան­քէն ներս, լոյս սփռե­ցին ա­մէ­նու­րեք, ի­րենք ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան ու մեզ ալ ա­ռաջ­նոր­դե­ցին, Վա­րու­ժա­նի իսկ բա­ռե­րով «Դէ­պի աղ­բիւ­րը լոյ­սին»։­

Իսկ մեզ հա­մախմ­բող այս Լոյս տա­ճա­րը, սա աս­տուա­ծա­յին օր­րա­նը, այ­սօր ան­սահ­ման օրհ­նու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ կը դառ­նայ մաս­նա­ւո­րա­բար մե­զի՝ Ան­թի­լիա­սէն ե­կող­նե­րուս հա­մար, ո­րով­հե­տեւ 1820 թուա­կա­նին, ճիշդ այս­տեղ, Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման ա­նու­նը կրող այս տա­ճա­րը իր հան­դի­սա­ւոր օ­ծու­մը ու­նե­ցաւ Կի­լի­կիոյ Հայ­րա­պե­տա­կան Ա­թո­ռի գա­հա­կալ­նե­րէն՝ Ե­րա­նաշ­նորհ Տ.Տ. Կի­րա­կոս Մե­ծա­գործ Կա­թո­ղի­կո­սին ձե­ռամբ, որ Պօ­ղոս Պատ­րիար­քին հրա­ւէ­րով, սոյն ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով այդ օ­րե­րուն Պո­լիս կը գտնուէր։

Ազ­նուա­կան բա­րե­կամ­ներ,

Մայ­րի­նե­րու երկ­րէն, գե­ղա­ծի­ծաղ Լի­բա­նա­նի կա­նաչ բար­ձուն­քէն ե­կած ենք դէ­պի Պոլ­սոյ կա­պոյտ ա­փուն­քը, որ­պէս­զի շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նենք Հայ­կա­կան Պո­լի­սին։ Ե­րախ­տա­գի­տա­կան մեր խօս­քին պատ­ճառ­նե­րը զա­նա­զան ըլ­լա­լով հան­դերձ, մէկ նպա­տակ լոյ­սի կը բե­րեն, մէկ եւ անժխ­տե­լի ճշմար­տու­թիւն մը կը ստուե­րա­զեր­ծեն, եւ այդ ալ՝ ի­րար­մէ մեր ան­քակ­տե­լիու­թիւնն է։

* * *

Վան­քե­րը հայ կեան­քէն ներս գի­տու­թեան տուն, եւ հա­ւատ­քի վա­ռա­րան ըլ­լա­լու կող­քին, ե­ղած են նաեւ հայ մշա­կոյ­թի ծաղկ­ման կեդ­րոն­ներ։ Հայ կեան­քէն ներս գոր­ծած բո­լոր վան­քերն ալ, ի­րենց լու­ման թո­ղած են մեր ազ­գի ան­կորն­չե­լի գան­ձա­նա­կին մէջ։ Ա­նոնք մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար դար­ձած են յոյ­սի օր­րան։ Ա­նոնք չեն գոր­ծած պատ­մու­թեան մէջ, այլ՝ վան­քե­րը մեր ազ­գին պատ­մու­թիւ­նը կեր­տած են, մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ա­մե­նաէա­կա­նին՝ հո­գե­ւո­րին կող­քին, տուած են այն ա­մէ­նը՝ ո­րուն կա­րի­քը ու­նէին Քրիս­տո­սը Աս­տուած դա­ւա­նած անդ­րա­նիկ ազ­գի զա­ւակ­նե­րը՝ Հա­յե­րը։

Կի­լի­կեան շրջա­նը, իր զա­նա­զան ե­րես­նե­րով ու բնա­գա­ւառ­նե­րով իւ­րա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ մեր պատ­մու­թեան մէջ։ Հոն, հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ի­րենց հո­գիի ու­ժէն, մտքի հարս­տու­թե­նէն ու սրտի ա­րիւ­նէն լե­ցու­ցին հայ դպրու­թեան ազ­նիւ գի­նիի կա­րա­սին մէջ, յա­ւեր­ժաց­նե­լով հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, ի լու­սա­ւո­րու­թիւն գա­լիք բո­լոր սե­րունդ­նե­րուն։ Շնոր­հա­լի­նե­րը, Լամբ­րո­նա­ցի­նե­րը, Պլուզն ու Երզն­կա­ցին, Ռոս­լինն ու Պի­ծա­կը եւ ու­րիշ դէմ­քեր, պայ­ծա­ռա­ցու­ցին Կի­լի­կեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մեր պատ­մու­թիւ­նը։

20-րդ դա­րու սկիզ­բին, ար­ծուե­բոյն Կի­լի­կիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Սիս կը ժա­մա­նէր ե­րի­տա­սարդ վար­դա­պետ մը, վա­րե­լու հա­մար Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի Դպրե­վան­քին տե­սու­չի պաշ­տօ­նը։ Այդ հո­գե­ւո­րա­կա­նը՝ Հայր Գա­րե­գինն էր։ Օր­մա­նեա­նա­կան եւ Դու­րեա­նա­կան շուն­չով ա­ճած Խա­չա­տու­րեան Վար­դա­պե­տը Սիս կու գար, որ­պէս­զի զարկ տար Սի­սի Դպրե­վան­քին։ Պատ­մու­թիւ­նը իր է­ջե­րուն մէջ կ՚ար­ձա­նագ­րէ, այդ օ­րե­րուն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպրե­վան­քին ոչ այն­քան փայ­լուն վի­ճա­կին մա­սին։ Նիւ­թա­կա­նին եւ ո­րուն պատ­ճա­ռով մար­դու­ժին բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, այլ հար­ցեր ու դժուա­րու­թիւն­ներ եւս ա­ռիթ դար­ձած էին, որ տա­կաւ առ տա­կաւ հիւ­ծի ու թուլ­նայ Սի­սի Դպրե­վան­քը։ Սա­կայն Գա­րե­գին Վար­դա­պե­տին գա­լուս­տով, ա­հա նոր շունչ կու գար եւ նոր ա­րեւ կը ծա­գէր Սի­սի Դպրե­վան­քին վե­րեւ։ Պոլ­սոյ ա­պա­գայ պատ­րիար­քը, իր ու­նե­ցած անձ­նուի­րու­թեամբ եւ ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեամբ, Կի­լի­կիոյ Դպրե­վան­քին ճամ­բով կը սպա­սա­ւո­րէր Հայ Ե­կե­ղե­ցին, հայ գիր ու դպրու­թեան։ Ա­հա թէ ին­չու, որ­պէս տե­սուչ Դպրե­վա­նուց այս ա­ռի­թը կ՚ու­զեմ օգ­տա­գոր­ծել եւ ը­սել.-

Մենք այ­սօր շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ձե­զի՝

Գա­րե­գին Խա­չա­տու­րեան Պատ­րիար­քին ընդ­մէ­ջէն։

* * *

19-րդ դա­րու ա­ւար­տին, Հայ կեան­քէն ներս գոր­ծած Դպրե­վանք­նե­րու ոս­կեայ շղթա­յին վրայ նոր օ­ղակ մը ա­ւել­ցաւ, մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թեան նոր վա­ռա­րան մը բա­ցուե­ցաւ։ Այդ օ­րե­րուն «Թուր­քիոյ 50-ի մօտ վի­ճակ­նե­րը մեծ մա­սով ա­ռաջ­նոր­դէ զուրկ մնա­ցած էին, … եւ Պատ­րիար­քա­րա­նէն ու­ղե­ցոյց եւ հո­վա­նա­ւո­րող ա­ռաջ­նորդ կը պա­հան­ջէին» (Փա­ռէն Եպսկ. Մել­քո­նեան, Յօ­դուած­ներ եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, Ան­թի­լիաս, 2006, էջ 292-3)։ Այս կա­ցու­թեան մէջ էր, որ 1889 թուա­կա­նին, Օր­մա­նեան ան­մա­հա­նուն Ե­պիս­կո­պո­սին վե­րա­տես­չու­թեամբ, Ար­մա­շի Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին վան­քին մէջ «Կ. Պոլ­սոյ Հայ Պատ­րիար­քու­թեան Ե­կե­ղե­ցա­կան Բարձ­րա­գոյն Վար­ժա­րան»ը բա­ցուե­ցաւ, որ տա­րի մը ետք, Մա­ղա­քիա Սրբա­զա­նին ա­ռա­ջար­կով եւ Պատ­րիար­քա­րա­նի յայ­տա­րա­րու­թեամբ նուի­րա­կան ա­նու­նով՝ Դպրե­վանք կո­չուե­ցաւ։ Ար­մա­շու վան­քի գերգ­նա­հա­տե­լի աշ­խա­տան­քը չէ որ այս­տեղ կը ներ­կա­յաց­նենք, այլ պար­զա­պէս ա­նոր մայ­րա­կան ար­գան­դէն ծնած հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու վաս­տա­կին առ­ջեւ կրկնակ ու կրկնակ ան­գամ­ներ կը խո­նար­հինք։ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ան­թի­լիա­սի Դպրե­վան­քին հիմ­նա­դիր­նե­րը, նոյն այդ ար­մա­շա­կան­ներն էին։ Տա­ռա­պա­կոծ Սա­հակ Խա­պա­յեան Կա­թո­ղի­կո­սին շուրջ հա­ւա­քուե­լով ար­մա­շա­կան­ներ Բաբ­գէն Ա­թո­ռա­կից Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Շա­հէ Եպսկ. Գաս­պա­րեա­նը 1930 թուա­կա­նին հի­մը դրին Նոր Ար­մա­շին՝ Ան­թի­լիա­սի Դպրե­վան­քին։ Եր­կուքն ալ, մեծ նուի­րու­մով Նոր Ար­մա­շին հետ նոյ­նա­ցու­ցին ի­րենց ան­ձը, նման ե­զա­կի Օր­մա­նեա­նին եւ անկրկ­նե­լի Դու­րեա­նին։ Եւ ցարդ նոյն ո­գիով եւ նոյն հե­ռան­կա­րով կը գոր­ծէ Պիք­ֆա­յա­յի Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին վան­քին մէջ գոր­ծող Ար­մա­շի շուն­չով վե­րըն­ձիւ­ղուած Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպրե­վան­քը, ուր այժմ կ՚ու­սա­նին հոյլ մը պա­տա­նի­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ։

2002 թուա­կա­նին, Ա­մե­նա­պա­տիւ Տ. Մես­րոպ Բ. Ս. Պատ­րիար­քը իր Դպրե­վանք այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով «Ոս­կե­մա­տեան»ին մէջ հե­տե­ւեա­լը կը գրէ Դպրե­վան­քին մա­սին.- «Հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թիւն էր այ­ցե­լել, երկ­րորդ ան­գամ, Պիք­ֆա­յա­յի Դպրե­վան­քը Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, եւ ա­ռիթ ու­նե­նալ ա­ղօ­թել ու եր­գել միա­բան եղ­բայր­նե­րուն ու սա­նե­րուն հետ։ Նոր հա­զա­րա­մեա­կի մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր կեան­քին սեր­մե­րը այս­տեղ է որ կը նե­տուին։ Կեն­դա­նա­րար Աս­տուած մար­դա­սէր Հո­գին միա­բա­նա­կան սի­րով եւ ո­գիով տո­գո­րէ Դպրե­վան­քի բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը եւ նոր շրջա­նի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին լի­նի՝ ա­ւե­լի միա­կամ, միա­խոր­հուրդ եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­ւե­լի միա­ցած։ Աս­տուած պահ­պա­նէ եւ օրհ­նէ ու­սուց­չաց կազմն ու բո­լոր սա­նե­րը։ Այս­տեղ ան­ցու­ցած մէկ ու կէս ժա­մով խրա­խու­սուած եմ։ Կը հա­ւա­տամ մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծառ ա­պա­գա­յին»։ (Թող որ Աս­տուած իր սփո­փա­րար այ­ցե­լու­թիւ­նը շնոր­հէ Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան)։

11 Նո­յեմ­բեր 2011-ին, Դպրե­վան­քի օ­րուան տե­սուչ՝ Գերշ. Տ. Նա­րեկ Արք. Ա­լեէ­մէ­զեան հրա­ւի­րեց զիս իր տես­չա­րա­նը, որ­պէս խմբա­վար Դպրե­վան­քի երգ­չա­խում­բին։ Սրբա­զան Հայ­րը պար­զեց ա­ռա­ջարկ մը, եւ իմ կար­ծիքս ու­զեց շօ­շա­փել Դպրե­վան­քի երգ­չա­խում­բը «Ար­մաշ» ա­նուա­նե­լու մա­սին, առ ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն ար­մա­շա­կան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն մեր Ա­թո­ռէն ներս ու­նե­ցած ներդ­րու­մին։ Ան­մի­ջա­պէս երկ­րոր­դե­ցի ա­ռա­ջար­կը եւ որ­պէս խմբա­վար իմ ամ­բող­ջա­կան հա­մամ­տու­թիւնս յայտ­նե­ցի ա­նոր։ Ես սի­րա­հա­րուած եմ Ար­մա­շի վան­քին եւ ցարդ ակ­նա­ծան­քով կ՚ըն­թեր­ցեմ ան­կէ շրջա­նա­ւարտ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն խո­րի­մաստ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը։

Ան­թի­լիա­սի Դպրե­վան­քը իր ու­նե­ցած ա­ռա­քե­լու­թեամբ կը հա­մա­րուի Ար­մա­շի Դպրե­վան­քին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը, որ է պատ­րաս­տել նուի­րեալ հո­գե­ւո­րա­կան ու աշ­խար­հա­կան ամ­բող­ջա­կան հա­յը եւ զայն ղրկել Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րուն ծա­ռա­յու­թեան։ Ա՛յս իսկ պատ­ճա­ռով ԱՐ­ՄԱՇ ա­նուա­նե­ցինք Դպրե­վան­քի երգ­չա­խում­բը։

Մենք այ­սօր շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ձե­զի՝

Ար­մա­շա­կան­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։

* * *

1941 թուա­կա­նին Ան­թի­լիաս կը ժա­մա­նէր 28-ա­մեայ հո­գե­ւո­րա­կան մը։ Ժիր ու կայ­տառ, ա­ռա­քի­նի ու պսա­կա­զարդ աս­տուա­ծա­յին օրհ­նու­թիւն­նե­րով։ Բազ­մաշ­նորհ Հայր Շնորհքն էր ան, ինչ­պէս ա­ռի­թով մը բե­րա­նա­ցի պի­տի ար­տա­յայ­տուէր ի­րեն ժա­մա­նա­կա­կից՝ լու­սա­հո­գի Տ. Ղե­ւոնդ Արք. Չէ­պէ­յեա­նը։ Կի­լի­կիոյ Ե­րա­նաշ­նորհ Տ.Տ. Բաբ­գէն Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին տի­պա­րով հմա­յուած ու Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ա­նոր լու­սեղ­բօր՝ Ե­րա­նաշ­նորհ Տ. Թոր­գոմ Ա. Պատ­րիար­քին շուն­չով թրծուած աս­տուա­ծա­յին շնորհք­նե­րու շտե­մա­րան Հայր Շնորհ­քը, յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեամբ կու գար Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նոր կայ­քը՝ Ան­թի­լիաս, լծուե­լու հա­մար յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեան մը՝ որ Մար­դու պա­տարս­տու­թիւնն էր, նուի­րա­կան պաշ­տօ­նով՝ որ­պէս տե­սուչ Դպրե­վա­նուց։

Երբ, այս ա­ռի­թով աչ­քէ կ՚ան­ցը­նէի Հայր Շնորհ­քին տե­սուչ ե­ղած շրջա­նի Դպրե­վան­քի ար­խիւ­նե­րը, այն­տեղ գտնուող նա­մակ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ հան­դի­պե­ցայ ի­րեն։ Մտեր­մա­ցայ տե­սուչ Հայր Շնորհ­քին, հե­զա­համ­բոյր նկա­րագ­րի տէր հո­գե­ւո­րա­կա­նին, հո­գիի Մար­դուն, որ ե­րեք տա­րի­ներ շա­րու­նակ, 1941-44 թուա­կան­նե­րուն վա­րած էր Դպրե­վան­քի ղե­կա­վա­րի պաշ­տօ­նը։ Նա­մակ­նե­րուն կող­քին ծա­նօթ ըլ­լա­լով նաեւ ա­նոր գոր­ծե­րուն եւ սեր­տե­լով ա­նոր կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ես պի­տի ու­զեմ սա պա­հուն մէկ, բայց ամ­բող­ջա­կան բա­ռով մը ո­րա­կել Ե­կե­ղեց­ւոյ Շնորհք ա­նուն ո­րա­կա­ւոր սպա­սա­ւո­րը։ Շնորհք Պատ­րիար­քը բա­ռին վա­ւե­րա­կան ու ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով Մեծ Մարդ էր, ան՝ ԱՍ­ՏՈՒ­ԾՈՅ ՄԱՐԴն էր, որ գի­տէր գե­րա­դա­սել հո­գե­կա­նը՝ ֆի­զի­քա­կա­նէն, ո­գե­ղէ­նը՝ աշ­խար­հէն, մնա­յու­նը՝ գնա­յու­նէն։ Իր ծա­ռա­յա­կան կեան­քի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, Աս­տու­ծոյ այս Մար­դը՝ մո­մի պէս լու­սա­ւո­րեց իր շրջա­պա­տը, լոյս տա­լով իր հօ­տին եւ ա­ւե­լին՝ լոյս դառ­նա­լով իր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Ան որ­պէս հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ իր ան­ձէն չէ որ տուաւ միայն, այլ՝ ամ­բող­ջու­թեամբ ինք­զինք ըն­ծա­յեց իր ժո­ղո­վուր­դին։ Քրիս­տո­սա­բոյր իր կեան­քի ըն­թաց­քին, իր հո­գե­ւոր պատ­գամ­նե­րը նշխա­րի պէս բաժ­նեց ի­րեն­նե­րուն, ո­րոնք այն­քա՜ն սի­րե­ցին զինք եւ ա­ւե­լիով սի­րուե­ցան իր­մէ։

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Ե­րա­նաշ­նորհ Հո­վուա­պե­տին մա­սին խօ­սե­լով կ՚ը­սէ. «Խօ­սիլ Շնորհք Պատ­րիար­քին մա­սին, կը նշա­նա­կէ խօ­սիլ 20-րդ դա­րու Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­մե­նէն փայ­լուն դէմ­քե­րէն մէ­կուն մա­սին։ Ան իր ու­նե­ցած մտքի հարս­տու­թեամբ, սրբա­կեն­ցաղ վար­քով ու կեան­քի ո­րա­կով իւ­րա­յա­տուկ տեղ ու­նե­ցաւ եւ ու­նի ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ մաս­նա­ւո­րա­բար Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քէն ներս։ Շնորհք Պատ­րիարք հո­գե­ւո­րա­կան էր բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով։ Հո­գիի մարդ էր ան, հո­գե­կան ար­ժէք­նե­րը գնա­հա­տող, ո­գե­ղէն հարս­տու­թիւ­նը գե­րա­դա­սող գլխա­գիր Մարդ»։

­Հո­գե­հա­րա­զատ բա­րե­կամ­ներ.

Մենք այ­սօր շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ձե­զի՝

Շնորհք Գա­լուս­տեան Պատ­րիար­քին ընդ­մէ­ջէն։

* * *

Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպրե­վան­քէն ներս երգն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը յա­տուկ տեղ կը գրա­ւեն։ Մեր տղա­քը, ի­րենց հո­գե­ւոր եւ ու­սում­նա­կան-կրթա­կան ա­ռօ­րեա­յին կող­քին ա­րուես­տով կ՚ար­ժե­ւո­րեն ի­րենց ժա­մա­նա­կը։ Երգ­չախմ­բա­յին փոր­ձե­րը, շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը, ձայ­նագ­րու­թիւ­նը, դաշ­նա­կը, տու­տուկն ու կի­թա­ռը, այլ խօս­քով ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, մեր ու­սա­նող­նե­րուն հետ սե­նեա­կէ սե­նեակ, յար­կէ յարկ կը շրջի։ Սա­կայն այ­սօ­րուան ե­րաժշ­տա­կան մեր ներ­կա­յա­ցու­մը տար­բեր է իր տե­սա­կին մէջ։ Հան­դէս մը չէ, որ այ­սօր Դպրե­վան­քի «Ար­մաշ» երգ­չա­խում­բը կը մա­տու­ցէ ձե­զի, այլ՝ ե­րախ­տա­գի­տա­կան խո­րին յար­գան­քի ըն­ծայ մը, ազ­նիւ ժեստ մը, մա­քուր զգա­ցում­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն է որ այ­սօր կը ձօ­նուի մեր նախ­կին տե­սուչ­նե­րէն եւ ձեր նախ­կին հո­վուա­պետ­նե­րէն՝ Շնորհք Արք. Գա­լուս­տեա­նի ան­թա­ռամ յի­շա­տա­կին։

Այս ա­ռի­թով, թոյլ տուէք, որ շնոր­հա­կա­լու­թեան իմ խօս­քը ուղ­ղեմ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ՝ Բարձր. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին, ո­րուն հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը կը վա­յե­լէ Շնորհք Պատ­րիար­քին հետ մեր ու­նե­ցած այ­սօ­րուան ժա­մադ­րու­թիւ­նը։

Շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ եւ բա­րե­րար Պրն. Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուին, որ Դպրե­վան­քի «Ար­մաշ» երգ­չա­խում­բին Պո­լիս երթ ու դար­ձի եւ կե­ցու­թեան նիւ­թա­կան բո­լոր ծախ­սե­րը ա­պա­հո­վեց։

Շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք կ՚ու­զեմ յայտ­նել նաեւ, Դպրե­վան­քէն հո­գե­պէս եւ ի­մա­ցա­պէս վե­րած­նած մեր բա­րե­կա­մին ու եղ­բօր՝ Գերպ. Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նին, մեր Պո­լիս գա­լուն նպա­տա­կով իր բե­րած լայն օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն ձե­զի՝ Պատ­րիար­քու­թիւն Հա­յոց Թուր­քիոյ,

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն ձե­զի՝ հայ­կա­կան Պո­լիս,

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն ձե­զի՝ որ ըն­դու­նե­ցիք մեզ, եւ

Բիւր օրհ­նու­թիւն­ներ ձե­զի, պոլ­սե­ցի Գնա­ճեան Սար­գի­սին բա­րե­րա­րու­թեամբ կա­ռու­ցուած Ան­թի­լիա­սի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Տա­ճա­րէն։

16 Ապրիլ 2016, Պո­լիս

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016