Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԹԷԵՒ ՀԱԿՈՒԱԾ ՉԷ ՏԵՂԱՊԱՀԻ ՄԸ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ, ՍԱԿԱՅՆ ՉԻ ՓԱՓԱՔԻՐ ԳՐԱՒԻ ՏԱԿ ԹՈՂՈՒԼ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԿԱՄՔԸ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ Ս. Զատիկէն վերջ պիտի սկսին նոր պատրիարքի ընտրութեան պատրաստութիւնները եւ այդ գործընթացը յառաջ պիտի տարուի Կրօնական ժողովի որոշումներուն հիման վրայ։ Ըստ նորին սրբազնութեան, ինք թէեւ հակուած չէ տեղապահի մը ընտրութեան, այս ուղղութեամբ անհրաժեշտութիւն մը չի տեսներ, սակայն նաեւ չի փափաքիր այժմէն գրաւի տակ թողուլ Կրօնական ժողովի կամքը։

Երէկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ հեռաձայնով կապ հաստատեցինք՝ հաշուի առնելով, որ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը եւ տեղապահի մը ընտրութիւնը անհրաժեշտ նկատելով՝ առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը։ Այս կապակցութեամբ շօշափեցինք նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կարծիքը, որ մեզի յայտնեց հետեւեալը.

«Սկզբունքօրէն Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր օրերուն, տօնական շրջանին չենք փափաքիր վարչական խնդիրներով ծանրաբեռնել մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։ Յառաջիկայ շաբաթ արդէն երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր քառասունքը վերջացած պիտի ըլլայ ու մենք աշխատանքի պիտի ձեռնարկենք պատրիարքական ընտրութեան համար։ Բնականաբար, կիրակի օրուան Զատկուան ընդունելութեան ժամանակ եւս անդրադարձ մը պիտի կատարուի այս խնդրին։ Ս. Զատկին յաջորդելիք շաբաթավերջին պիտի ոգեկոչենք հոգելոյս պատրիարքը եւ ատկէ վերջ ալ պիտի գումարուի Կրօնական ժողովը։

«Մինչ այդ, մեր հոգեւոր եղբայրը՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդէս եկած է յայտարարութիւնով մը, ինչ որ անխուսափելի կը դարձնէ մեզի հասցէագրուած հարցումները՝ իր տեսակէտներուն առընչութեամբ մեր մօտեցումին կամ դիրքորոշման շուրջ։ Մենք յարգանքով կը մօտենանք իր եւ բոլորի դիրքորոշման։ Անշուշտ, մեր հերթին, մենք ալ ունինք մեր մօտեցումը։ Մենք համոզուած չենք, որ այս փուլին անհրաժեշտ է տեղապահի մը ընտրութիւնը։ Մենք այլեւս ուղղակի պէտք է ձեռնարկենք պատրիարքական ընտրութեան։ Տեղապահի մը ընտրութիւնը կ՚ենթադրէ անցումային շրջան մը՝ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան կազմակերպման համար։ Բայց մենք արդէն աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կ՚ապրինք անցումային շրջան մը, որու ձեւով մը նախընթացներն ալ ձեւաւորուած են։ Խօսքը անշուշտ կատարուած իրողութեան մը չի վերաբերիր, սակայն այլեւս պէտք է կեդրոնանանք մէ՛կ հիմնական նպատակի մը վրայ՝ որն է պատրիարքական ընտրութիւնը։ Անցեալի մէջ ունեցած ենք զանազան օրինակներ. պատրիարքական ընտրութեան կրնանք ձեռնարկել թէ՛ տեղապահով եւ թէ փոխանորդով։ Այս բոլորին օրինակները ունինք պատմութեան մէջ։ Այդ բոլոր օրինակներն ալ ունեցած են իրենց տրամաբանութիւնը եւ բաւարարած՝ տուեալ ժամանակաշրջանի կարիքներն ու սպասումները։ Մեր խորին համոզմամբ այս փուլին այլեւս նպատակայարմար չէ միջանկեալ նոր շրջանի մը դուռ բանալ, երբ պարտաւոր ենք ժամ առաջ մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռին համար նոր գահակալ մը ընտրելու։

«Մենք հակուած ենք այս փուլին լայնախարիսխ մօտեցումով մը գործել, հաշուի առնել ամէն տեսակ կարծիք, նկատի ունենալ բոլորի տրամադրութիւնները։ Բայց եւ այնպէս, ընտրական գործընթացի մեկնարկի պատասխանատուութիւնը կը վիճակի մեր Կրօնական ժողովին։ Ուստի, մենք հակուած ենք նաեւ յարգել Կրօնական ժողովի մեր հոգեւոր եղբայրներու ժողովականութիւնը։ Չենք ուզեր մեր մօտեցումները կանխաւ մատուցել՝ որպէս պարտադիր ճանապարհ, չենք ուզեր մեր նախատեսած եզրը համարել միակ իրաւական ուղին ու չենք ուզեր գրաւի տակ դնել Կրօնական ժողովի կամքը։ Պարզապէս, ժողովի ընթացքին մեր հոգեւոր եղբայրներուն պիտի բացատրենք մեր մօտեցումները եւ մեր մեկնաբանութիւնները՝ պահու անհրաժեշտութեան մասին։ Պարզապէս պէտք է յիշենք նաեւ, որ մօտաւոր անցեալին ունեցած ենք տեղապահ մը ընտրելու փորձառութիւնը, ինչ որ ա՛լ աւելի բարդացուց մեր խնդիրները, ծնունդ տուաւ նոր դժուարութիւններու եւ անբաղձալի պառակտումներու։ Այդ փուլին մենք հակասական կացութեան մատնուեցանք նաեւ պատկան իշխանութիւններուն առջեւ։ Ուստի, այս փուլին ի՞նչ պէտք ունինք դարձեալ այդպիսի ռիսքերու ենթարկուելու։ Շատ աւելի տրամաբանական եւ նպատակասլաց չէ՞ ուղղակի սկսիլ պատրիարքական ընտրութեան աշխատանքին եւ կազմակերպել մեր ընտրութիւնը աւանդական ձեւով, ինչ որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ալ հիմնական ակնկալութիւնն է։ Ես վստահ եմ, թէ Կրօնական ժողովի յառաջիկայ նիստին ժամանակ պիտի յաջողինք գտնել հիմնաւորուած, օրինական եւ բոլորին համար ընդունելի լուծում մը։

«Մեր սիրեցեալ հաւատացեալներուն կը յորդորենք, որ ըլլան հանգիստ, զգան ինքնավստահ ու չկասկածին, թէ պատրիարքական ընտրութիւնը պիտի իրականացնենք ձեռք ձեռքի, սիրոյ եւ համերաշխութեան, զօրակցութեան ու խաղաղութեան մթնոլորտի մէջ»։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2019