ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդիսութիւն։ Հայաստանէն արտագաղթելով Իսթանպուլ հաստատուած ընտանիքներու զաւակները իր երդիքին տակ կը հիւրընկալէ այս վարժարանը, ուր երէկ ապրուեցաւ տօնական օր մը։ Պաշտօնական կարգավիճակ չունենալով, «հանդուրժուած» պայմաններու ներքեւ գործելով հանդերձ, այս վարժարանը հետեւողականօրէն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, ինչ որ միեւնոյն ժամանակ, թէկուզ մասնակի, գործնական լուծում մը կը բերէ արտագաղթած ընտանիքներու զաւակներու կրթութեան հարցերը լուծելու հրատապ գործին։
Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի գլխաւորութեամբ ամբողջ վարժարանը երէկ լայն բացած էր իր դռները՝ հիւրընկալելու համար հանդիսութեան մասնակիցները։ Հիւրերը, կրթական մշակները, աշակերտներն ու ծնողները իրարու հետ երջանիկ պահեր ապրեցան՝ բաժնելով նաեւ ամառնամուտը միասնաբար դիմաւորելու զգացումները։
Վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկներուն համար կազմակերպուած այս ընթերցման տօնին յայտագիրը կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի մէջ ընդունուած կարգախօսով. «Հրաժեշտ այբբենարանին»։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի ողջոյնի խօսքէն վերջ աշակերտները յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը, որ պատրաստուած էր ուսուցչուհիներէն Տօնարա Պեպուրեանի հսկողութեան ներքեւ։ Փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ երգեցին իրենց դպրոցին քայլերգը, իսկ աւելի վերջ ներկայացուցին յայտագիր մը, որ իր ամբողջին մէջ կը ցոլացնէր հայ գիրերու գիւտը ու կը փառաբանէր Մեսրոպ Մաշտոցը։ Տղաքը իրենց արտասանութիւններով եւ ներկայացուցած թատերակներով արժանացան բուռն ծափահարութիւններու։
Հանդիսութեան հետեւեցան Մխիթարեան վարժարանի առաջին դասարանէն խումբ մը փոքրիկներ, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին եւ միութեան կողմէ ներկայացուցիչներ, դպրոցի բարերար Յարութիւն եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք եւ այլ հիւրեր, որոնց բոլորին ներկայութեամբ տղաքը վարդեր ալ նուիրեցին իրենց մայրերուն։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ դիտեցին նաեւ դպրոցի առօրեային վերաբերեալ ներկայացուած պարքովիզիոնի ցուցադրութիւնը։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն։