ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ։ Ներ­կայ էին թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ծնո­ղաց միու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­ներն ու ման­կար­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն ըն­տա­նիք­նե­րը։

Օ­րուան յայ­տագ­րի պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը վե­րահս­կած էին Սի­պիլ Հայ­րա­նեան, Ռի­թա Մար­տի­նեան, Կա­րին Մար­տի­կեան, Գա­րին Քաթ­րան­ճըօղ­լու եւ Նա­յի­րա Ա­լա­չամ։ Ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Սի­պիլ Հայ­րա­նեա­նի բաց­ման խօս­քէն վերջ փոք­րիկ­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րե­ցին օ­րուան յայ­տա­գի­րը՝ ար­ժա­նա­նա­լով ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Ա­ւար­տին շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան, որ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն մաղ­թեց ա­պա­գայ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ու գնա­հա­տեց հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պած կրթա­կան մշակ­նե­րը։

Յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ալ շա­րու­նա­կուե­ցաւ ստեղ­ծուած տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը։ 

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017