ՀՐԱԺԵՇՏ՝ ԺԱՆԷԹ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԻՆ

Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութեամբ։ Ամբողջ աշակերտութեան, ուսուցչական կազմի եւ խնամակալութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը։ Խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան այս առթիւ առ ի շնորհակալութիւն յուշանուէր մը յանձնեց վարժարանի տնօրէնուհի Ժանէթ Աւետիքեանին, որ ներկայիս հրաժեշտ կ՚առնէ իր պաշտօնէն։ Թորոս Ալճան յանուն խնամակալութեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ժանէթ Աւետիքեանին՝ որպէս տնօրէնուհի եռամեայ վաստակին համար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 19, 2019