ԿԱՂՆԻ ՄԸ ՏԱՊԱԼԵՑԱՒ
Խոր ցաւով վերահասու կ՚ըլլանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երիցագոյն սերունդի անդամուհիներէն Վարսէն Օրուն։ Արմատներով Մալաթիայէն՝ Վարսէն Օրուն մեր թրքահայութեան խորհրդանշական դէմքերէն մին կը համարուէր։ Ան կենդանի վկայ մըն էր, որ կը պայմանաւորէր թրքահայութեան այսօրուան սերունդներուն յիշողութիւնը, մանաւանդ անցեալի մէջ գաւառներէ ներս հայոց ունեցած ներկայութեան կապակցութեամբ։
Աւելի քան հարիւր տարեկան Վարսէն Օրունի մահը խոր ցաւ պատճառած է թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ իր բարեկամական շրջանակին։ Բոլորին համոզումը այն է, որ իր կորուստով տապալած է կաղնի մը։ Ան իր ներկայութիւնով օղակ մըն էր, որ մերօրեայ իրականութեան պայմաններով անցեալը կը միացնէր ներկային։ Կեանքի բոլոր դառնութիւնները ճաշակած եւ այդ բոլորին դիմադրած տիպար հայ մայր մըն էր Վարսէն Օրուն՝ հետամուտ մեր աւանդութիւններուն եւ բարքերուն։ Ան զաւակներ հասցուցած էր հայկական նահապետական ընտանիքի միջավայրին մէջ, իր շունչով սնուցած էր նաեւ թոռնիկներ։ Հարկ է նշել, որ Վարսէն Օրուն մայրն էր յայտնի ազգային բարերար Պետրոս Օրունին, որ վերջին տասնամեակներուն կը բնակի Լոս Անճելըսի մէջ։ Նկատի ունենալով, որ իր որդին հաստատուած էր արտասահման՝ Վարսէն Օրունի անմիջական խնամքով կը զբաղէր իր դուստրը՝ Մարգրիտ Աթմաճա։ Թէեւ ան հասած էր խոր ծերութեան, սակայն կ՚ապրէր կենսունակ կեանք մը։ Իր սիրելիներուն կողմէ ցուցաբերուած սէրը զինքը կը պահէր աշխոյժ։ Իր տարեդարձները կը նշուէին տօնական մթնոլորտի մէջ։ Յաճախ այդ տարեդարձի հաւաքոյթներուն մասնակցութիւն կը բերէին բարձրաստիճան եկեղեցականներ կամ հայ իրականութենէն ծանօթ դէմքեր, որոնք անկեղծօրէն ուրախակից կ՚ըլլային Վարսէն Օրունին եւ ընտանիքին։
Դժբախտաբար նախախնամութեան անխուսափելի տնօրինութեամբ Վարսէն Օրունին ալ կեանքի թելը փրթաւ եւ ան հրաժեշտ առաւ իր սիրելիներէն՝ ետին թողլով բարի ու անթառամ յիշատակ մը։ Ան ապրեցաւ որպէս առաքինի անձնաւորութիւն եւ այդպէսով իր ձեռք բերած բարի համբաւը, ապահոված համակրանքը ներկայիս բոլոր սիրելիները կը համախմբեն իր բարոյական ներկայութեան շուրջ։
Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի հրապարակուի ընտանեկան մահազդով։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Վարսէն Օրունի հոգւոյն ու մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք՝ Պետրոս-Աննա Օրունին, Գէորգ-Մարգրիտ Աթմաճային եւ բոլոր հարազատներուն։