ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս գիշեր կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։  Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեամբ, տեղապահ սրբազան հայրը Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Թեմին համար քահանայի մը ձեռնադրութիւնը պիտի կատարէ։ Այսպէս, Նորին Սրբազնութիւնը քահանայ պիտի ձեռնադրէ Վանանդ Սարկաւագը, որ բնիկ ապարանցի է։ Ձեռնադրութիւնն ալ նախատեսուած է Ապարանի եկեղեցւոյ մէջ։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան քաղաքս պիտի վերադառնայ 25 Յուլիսին։

ԳԱՐԹԱԼԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, երէկ, Նորին Սրբազնութիւնը Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլուն եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։  

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017