ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՅԱՋՈՂ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ Ս. Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ենթարկուած է յաջող վիրահատութեան մը։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ ուշ երեկոյեան պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկութիւններ փոխանցեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առողջական վիճակին շուրջ։ Ուրախառիթ է, որ Նորին Ամենապատուութեան առողջութեան ու կեանքին որեւէ վտանգ չի սպառնար։ Հաղորդագրութեան մէջ չէ նշուած, թէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գործողութիւնը ուր տեղի ունեցած է եւ որու կողմէ կատարուած։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերջերս ենթարկուած է քննութեան մը, որու ընթացքին ստամոքսին վրայ ախտաճանաչուած է հիւսուածք (doku) մը։ Մասնագէտները յարմար դատած են վիրաբուժական միջամտութեան մը կատարուիլը։ Ուստի, երէկ, ներքնադիտարկման սարքաւորումներու օժանդակութեամբ լափորոսքոփիք վիրահատութեան մը ենթարկուած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ ներկայիս բժիշկներու հսկողութեան տակ կը գտնուի։ Ըստ Պատրիարքարանի աղբիւրներուն, Նորին Ամենապատուութիւնը ապաքինման կարճ շրջան մը բոլորելէ վերջ պիտի կարողանայ վերադառնալ իր առաքելութեան։ Յարակից աղբիւրներէ կը տեղեկանանք, որ վիրահատութիւնը տեղի ունեցած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։

Այս առթիւ արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։  

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021