ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊՈՌԹԿՈՒՄ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ինքնագլուխ ընտրութեան մը ձեռնարկելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը համայնքային շրջանակներէն ներս մեծ պոռթկումի մը պատճառ դարձած է։ Շուրջ 10 տարուան սպասումէ մը վերջ ընդունուած նոր կանոնադրութեան հիման վրայ համայնքը ընտրութեան ձեռնարկելու կը պատրաստուէր եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հարթակին վրայ ենթագետին մը պատրաստուած էր՝ հնարաւորինս ներառական, համընդգրկուն քուէարկութիւն մը կատարելու համար։ Այս բոլորէն վերջ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին նախաձեռնութիւնը արդար ցասումի մը ծնունդ տուած է, որովհետեւ ո՛չ միայն համայնքէ ներս ընդհանուր ներդաշնակութեան մթնոլորտը կը կացինահարէ, այլեւ՝ շուրջ 20 հազար ընտրողներու տարողութեամբ ընտրաշրջանի մը մէջ կ՚ենթադրէ մօտաւորապէս 800 հոգիէ բաղկացեալ ընտրացուցակով մը ընտրութիւն կազմակերպել։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ համայնքային շրջանակները մէկ կողմէ խիստ վերաբերմունք կ՚արտայայտեն եւ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին կոչ կ՚ուղղեն, որպէսզի զերծ մնայ այս անհեռանկար գործելաոճէն, իսկ միւս կողմէ պատկան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ կը շփուին՝ փոխանցելով համայնքային շրջանակներու սպասումները, որպէսզի առիթ չտրուի այս նախաձեռնութեան։

Կը տեղեկանանք, որ այս ծիրին մէջ երէկ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ մեր ծանօթ ազգայիններէն Խաչիկ Ճանէլ հանդիպում մը ունեցած են Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցած է Իսթանպուլի մէջ։ Համայնքային շրջանակներէն ներս անմիջապէս անպաշտօն լսումներ շրջանառութեան մէջ մտած են այս շփումին կապակցութեամբ, սակայն պաշտօնապէս մամուլին ոչինչ հաղորդուած է։ Բնականաբար, այս տեսակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ առկայ խնդիրը ուղղակիօրէն Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ կը գտնուի, իսկ այդ մէկը կը գործէ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանիին ներքեւ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, զրոյցը ընդհանուր առմամբ փոխադարձ ըմբռնման մթնոլորտի մը մէջ անցած է։ Յամենայնդէպս, բաւարար մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած հետեւութիւններ ունենալու համար։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ

Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Տիգրան Կիւլմէզկիլի հետ, որ մեզի մանրամասնութիւններ հաղորդեց երէկուան տեսակցութեան կապակցութեամբ։ Այսպէս, Կիւլմէզկիլ եւ Ճանէլ փոխ-նախարար Տեմիրճանի հետ տեսակցած են «Քիւլթիւրքենթ»ի մէջ, Պէյօղլու։ Երէկուան զրոյցին շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելու ժամանակ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ընդգծեց, որ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդի զարտուղի նախաձեռնութենէն վերջ ցայսօր երկու անգամ ալ տեսակցած է Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ։ Այդ երկու տեսակցութիւններն ալ տեղի ունեցած էին նոյնպէս Իսթանպուլի մէջ։ Թէ՛ Սիւլէյման Սոյլու եւ թէ՛ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան Տիգրան Կիւլմէզկիլի հետ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին տեղւոյն վրայ անմիջապէս կապ հաստատած են Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի հետ։ Կիւլմէզկիլի տպաւորութիւնը այն է, որ գործադիր իշխանութեան բարձրաստիճան քաղաքական դէմքերուն եւ նոյնպէս բարձրաստիճան դիւանակալներուն միջեւ խնդրոյ առարկայ է որոշ մօտեցման տարբերութիւն մը, ինչ որ պէտք է անպայման հարթուի, որովհետեւ հետեւանքները մեր համայնքին տեսակէտէ ծանր են։

«Համայնքին մէջ այնպիսի տակնուվրայութիւն մը եւ անտարբերութիւն մը կայ, որ պարտաւոր զգացի, բարոյական պարտք համարեցի շարժման անցնիլը։ Թէ՛ երէկ փոխ-նախարար Տեմիրճանի եւ թէ՛ աւելի առաջ նախարար Սոյլուի հետ մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շօշափեցինք թէ՛ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդի ծնունդ տուած հարցը եւ թէ՛ ընդհանուր առմամբ նոր կանոնադրութենէն բխած կարգ մը անպատեհութիւնները։ Մենք փորձեցինք բացատրել, որ նոր կանոնադրութեամբ սահմանուած Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանին մէջ կայ 20-21 հազար ընտրող եւ 24 վաքըֆ։ Շեշտեցինք, որ եթէ այդ 24 վաքըֆները ինքնագլուխ, իւրաքանչիւրը սեփական ընտրացուցակով ընտրութեան ձեռնարկէ, ապա չի կրնար երաշխաւորուիլ ընտրութեան արդարութիւնը։ Եթէ Օրթագիւղի այս քայլին ընթացք տրուի, ապա այդ ընտրաշրջանի մնացեալ բոլոր վաքըֆներուն ալ իրաւունք կը ծնի, որպէսզի այդպէս սահմանափակ շրջանակի մէջ, քանի մը հարիւր հոգիով ընտրութեան երթայ։ Իրականութեան մէջ մեր նախընտրութիւնն էր, որ բոլոր հաստատութիւններու ընտրութիւնները բաց ըլլան ամբողջ քաղաքին։ Բայց եւ այնպէս, համայնքը պատկան մարմիններու նախընտրութեան համակերպեցաւ, շրջանային դրութիւնը ընդունեց՝ հաշուի առնելով, որ նեղ շրջանակի մէջ քուէարկութիւն կազմակերպելու խնդիր պիտի չյառաջանայ։ Այժմ արդէն յայտնի է, որ կանոնադրութեան առկայ կարգ մը բաց կէտերը կամ թերութիւնները կը չարագործուին ոչ-բարեացակամ ատենապետներու կողմէ։ Յամենայնդէպս, այս վերջին երեք շփումները լաւատեսութիւն ներշնչած են մեզի եւ ընդհանուր առմամբ դրական կ՚ընկալեմ ստեղծուած երկխօսութեան մթնոլորտը», ըսաւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022