ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՎԵՐՍԿԻԶԲ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները այս օրերուն կ՚ողջունեն թերթիս աւագ սիւնակագիրներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի աշխատակցութեան վերսկսիլը։ Քանի մը օրէ ի վեր խմբագրութեանս հետ կապ կը հաստատեն մեր ընթերցողները, որոնք ուրախութիւն կ՚արտայայտեն՝ թերթիս սիւնակներուն մէջ տէր հօր գրութիւնները վերստին գտնելու բերումով։ Արդարեւ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երկար ամիսներ դարմանում տեսնելէ վերջ, Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան վերջերս վերադարձած է իր բնակարանը։ Անցեալ շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ ան ուղարկած էր իր առաջին գրութիւնը։ Մեր ընթերցողներէն ոմանք առաջին հերթին կարծած էին, թէ սա տէր հօր կողմէ նախապէս գրուած յօդուածներէն մէկուն վերահրատարակութիւնն էր։ Բայց արդէն երբ յօդուածները սկսած են ամէնօրեայ դրութեամբ հրատարակուիլ՝ մեր ընթերցողները անդրադարձած են, որ անոնք հեղինակին կողմէ նոր ստորագրուած յօդուածներ են։ Ուստի, երկար ամիսներու կարօտը յագեցնելու այս հնարաւորութիւնը մեծ ուրախութեան առիթ դարձած է։

Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի հիւանդանոց գտնուած շրջանին լոյս տեսած էր նաեւ «Կեանքը որ կ՚ապրինք» խորագրեալ իր յօդուածներու ժողովածոն՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի համատեղ նախաձեռնութեամբ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022