ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ՎԵՐԱՕԾԵԱԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐ
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնի տօնը։ Վերափոխման տաղաւարի նախօրէին՝ Վոսփորի Եւրոպական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը օծուած եւ պաշտամունքի վերաբացուած էր՝ բարեզարդման աշխատանքներէ վերջ։ Շաբաթ երեկոյեան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ ու ձեռամբ կատարուած օծումէն վերջ, երէկ, Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ մէջ Վերափոխման տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին, միշտ հայր սուրբի հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ խաղողօրհնութեան կարգ։
Բոլոր հաւատացեալները, որոնք համախմբուած էին Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ մէջ, տօնական խորհուրդին հաղորդ դարձան հոգեւոր հրճուանքով եւ մեծ մխիթարութեամբ ու բաւարարութեան զգացումով իրենց բնակարանները տարին օրհնուած խաղողի ողկոյզները։
Մինչ այդ, Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ՝ զանազան թաղերէն համախմբուած ուխտաւորներուն նկատմամբ։