Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Գնալըի բարձունքին Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարը այս տարի եւս հոգեւոր ցնծութեան առիթ դարձաւ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկուան տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան՝ մինչ հոծ թիւով հաւատացեալներ համախմբուեցան օրուան խորհուրդին շուրջ։ Ինչպէս միշտ, ամրան ամիսներուն զուգադիպած այս տաղաւարներուն Գնալը կղզիի մէջ բացառիկ մթնոլորտ կը ստեղծուի՝ հաշուի առնելով, որ համայնքէն լուրջ զանգուած մը կը գտնուի կղզիներու վրայ։

Երէկուան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ան Ս. Պատարագէն վերջ հանդիսապետեց նաեւ խաղողօրհնէքի կարգին։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ շարունակուեցաւ ստեղծուած խանդավառութեան եւ ուրախութեան մթնոլորտը՝ մինչ սպիտակ աղաւնիներ ալ արձակուեցան ի նշան խաղաղութեան։ Կղզեաց թաղային խորհուրդն ալ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ հաւատացեալներուն նկատմամբ, որոնց համար պատրաստուած էին օրհնուած խաղողի ողկոյզներ։ Բոլորը բարի զգացումներով եւ աղօթական տրամադրութիւններով իրենց բնակարանները տարին օրհնուած խաղողի ողկոյզներէն՝ փոխանակելով բարեմաղթութիւններ, որպէսզի Աստուած գալ տարի եւս արժանի ընէ տաղաւարը ողջունելու։

Բացի այս կրօնական արարողութիւններէն, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ ստեղծուած ոգեւորութեան զուգահեռ՝ Գնալը կղզիի մէջ ընկերամշակութային բնոյթով այլ ձեռնարկներ ալ տեղի ունեցան, որոնք նոյնպէս ձեւաւորեցին բարձր մթնոլորտ եւ համախմբեցին համայնքի անդամները։

Միւս կողմէ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շաբաթ օրն ալ Մեծ կղզի այցելեց, ուր եւս Ս. Պատարագ մատոյց՝ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարի նախօրէին ու կատարեց նաեւ խաղողօրհնութիւն։ Մեծ կղզիի բնակիչ համայնքի անդամները հոգեւոր հրճուանքով հետեւեցան արարողութիւններուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2024