ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ար­հիա­պա­տիւ Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Վի­ճա­կա­ւոր Իս­թան­պու­լի եւ Թուր­քիոյ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց, խոր ցա­ւով կը գու­ժէ դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն փո­խան­ցու­մը թե­միս եր­կա­րա­մեայ եւ վաս­տա­կա­ւոր վի­ճա­կա­ւոր՝

ՏԷՐ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ԱՐՔ. ՉՈ­ԼԱ­ՔԵԱ­ՆԻ

Հան­գու­ցեալ ար­քե­պիս­կո­պո­սը ծնած է Իս­թան­պուլ, 12 Ապ­րիլ 1919-ին, քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած է 1943-ին, Հռո­մի մէջ։ Ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րուած է 5 Մարտ 1967-ին, ձե­ռամբ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Կար­տի­նալ Ա­ղա­ճա­նեա­նի։ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նի վա­յել պատ­րաստ հո­գիով դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն փո­խան­ցուած է Ուր­բաթ, 16 Սեպ­տեմ­բեր 2016-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն, Թաք­սի­մի «Ա­ճը­պա­տէմ» հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։

Ա­ղօթք­ներ թող բարձ­րա­նան եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ա­ռաջ­նոր­դի հոգ­ւոյն հա­մար։

ԴԻ­ՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿԷ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈ­ՍԱ­ՐԱ­ՆԻ

Իս­թան­պուլ, 16 Սեպ­տեմ­բեր 2016 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016