ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ «ԿԻՒՄԻՒՇԵԱՆ»Ի ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչայինները։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, հիւրերը համայնքային ընտրութեանց ընդառաջ փափաքած էին Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնել իրենց գործունէութեան մանրամասնութիւններն ու ապագայ ծրագրերը։ Անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան՝ այս հիմնարկի վարչական խորհուրդին մէջ նոր անդամներ ընդգրկելու հարցին շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուշադրութեամբ լսեց իր նկատառման յանձնուած մանրամասնութիւնները եւ իր հերթին կատարեց յորդորներ։ Հուսկ, ան իր օրհնութիւնը տուաւ հիմնարկի վարիչներուն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2022