ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՈՒՆԻ 54 ՍԱՆ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի երդիքին տակ 2024-2025 կրթական շրջանը սկսաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Վերամուտը միաւորեց դպրոցի կրթական մշակներն ու սաները, որոնց թիւը այս տարի 54 է։ Նոր կրթական շրջանի սկիզբին կապակցութեամբ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները, կրթական մշակները եւ դպրոցի պաշտօնէութիւնը։

Տղաքն ալ նոր կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024