ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւքի բանաստեղծութիւններու ժողովածոյին շնորհանդէսը։ «Երթաս բարով» խորագրեալ այս բանաստեղծութիւններու հատորի ծանօթացման երեկոյթին նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Պաքըրգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ եւ գրասէրներ մասնակցեցան ձեռնարկին, որու ընթացքին Տատեան վարժարանէն աշակերտներ ներկայացուցին հատորէն նմոյշներ։ Տղաքը խմբերգներով հանդէս եկան՝ Թաթիանա Պոստանի մականին ներքեւ, Ռոպէր Տողանայի նուագակցութեամբ։ Թաթիանա Պոստան միեւնոյն ժամանակ կատարեց մեներգներ։ Բեմադրիչ Արամ Կոստանեանն ալ մեկնաբանեց հեղինակի բանաստեղծութիւններէն մին։ Ներկայացուեցան նաեւ Լեռնա Գարագիւթիւքի կենսագրական գիծերը։
Հանդէսի պատրաստութիւնները կատարուած էին դպրոցի հայերէնի ուսուցչուհիներուն՝ Ժպտուն Զուռնաճըի, Թաթիանա Պոստանի եւ Լեռնա Ճիրօղլուի կողմէ։
Մինչ հեղինակը հանդէս եկաւ սրտի խօսքով, երեկոյթի եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցան նաեւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հեղինակը մակարգրեց գիրքերը։