ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ խանդավառ ձեռնարկներով նշուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Հայ մշակոյթի շաբթուան ծիրին մէջ դպրոցէն ներս գործադրուեցաւ բազմակողմանի յայտագիր մը, որուն ներգրաւուած էին վարժարանի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ հրապարակագիր Թագուհի Թովմասեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած զրոյցը, որ ընթացաւ հայկական խոհանոցի շուրջ։ Հայ մշակոյթի շաբթուան տօնակատարութիւններու ծրագիրը պատրաստած էին ուսուցչաց կազմէն Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Աննա Սարը Սեչքին, Թամար Մանկասար, Վերա Հեմենկիւլ, Մելիսա Թուրաչ Պալչըք, Նատին Վեսքէ, Եւգինէ Ինճիտիւզէն, Քրիստին Տելլալօղլու, Գարին Քիւչիւք եւ Էսրա Էօզալք, որոնք արժանացան տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի գնահատանքին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019