ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՊՏՈՅՏ
Ֆրանսահայ աշխահարհռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր նախընթաց երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Պրիւքսէլի մէջ։ 91-ամեայ մեծանուն արուեստագէտը հերթական անգամ կախարդեց իր ունկնդիրները։ Առասպելական երգիչը Պրիւքսէլի «Forest National» սրահին մէջ վերագտաւ իր համակիրները, որոնք մագնիսացած ուշադրութեամբ հետեւեցան իր կատարումներուն։ Շարլ Ազնաւուր մեկնաբանեց իր շատ յայտնի ու սիրուած, այլեւս դասականացած երգերը, մինչ համերգի երգացանկին մաս կազմեցին աւելի քան երկու տասնեակ գործեր։
Ընկերային ցանցերուն մօտ եւս լայն արձագանգ ստեղծեց Շարլ Ազնաւուրի այս համերգը։ Տարածուեցան լուսանկարներ եւ համերգէն հատուածներ։
Հարկ է նշել, որ այս համերգէն օր մը առաջ Շարլ Ազնաւուր Պրիւքսէլի «Egmont Palace»ի երդիքին տակ արժանացած էր Պելժիոյ Թագի շքանշանի ասպետի կոչման։ Աշխարհահռչակ արուեստագէտը շնորհակալութիւն յայտնեց Պելժիոյ, որ իր հաւաստումով մշտապէս ունեցած է հիասքանչ հանդիսատես։