ՊԷՅՕՂԼՈՒԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ Գատըգիւղի մէջ անցեալ շաբթուան տեւողութեան կատարուած ելոյթի մը շուրջ։ Երէկ, այս յայտարարութիւնը հրապարակեց իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, որ ներկայիս կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։ Ըստ յայտարարութեան, նորին սրբազնութիւնը Գատըգիւղի մէջ բաղդատութիւններ ըրած է Պէյօղլուի եւ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդներուն շուրջ ու պնդած է, որ Պէյօղլու օժանդակութիւններ չի կատարեր մեր համայնքին համար։ Երէկուան յայտարարութեան մէջ Սիմոն Չեքէմ յիշեցուցած է, որ զանազան առիթներով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին բացատրութիւններ տրուած են Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին կողմէ կատարուած օժանդակութիւններուն շուրջ։ Այդ օժանդակութիւնները կը կատարուին թէ՛ հաստատութիւններու եւ թէ անհատներու մակարդակով։ Սիմոն Չեքէմ շեշտած է, որ նորին սրբազնութիւնը իրազեկուած է Պէյօղլուի կողմէ կատարուած օժանդակութիւններուն շուրջ, հնարաւորութիւններ ալ ունի յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ քաղելու եւ այս բոլորով հանդերձ անհասկնալի կը համարէ նորին սրբազնութեան կողմէ կատարուած անհիմն յայտարարութիւնները։ Այս երեւոյթը ցաւ պատճառած է թէ՛ Պէյօղլուի ընտանիքին եւ թէ Պէյօղլուի կողմէ օժանդակութիւն ստացողներուն։

Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ յոյս յայտնած է, թէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կարճ ժամանակի ընթացքին կը սրբագրէ այս սխալը եւ մեր համայնքին կը փոխանցէ ճշմարտութիւնները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019