Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեանը, որու հետ Գումգաբու փութացած էին նաեւ Գարեգին Պարսամեան եւ Իւղաբեր Պոյաճեան։ Միութիւնը մօտալուտ ուսուցչաց օրուան առթիւ ձեռնարկած է մասնաւոր հաւաքոյթի մը կազմակերպման։ Ուստի, այցելուները փութացած էին նորին սրբազնութիւնը հրաւիրելու այդ ձեռնարկին։ Զրոյցի տեւողութեան Կարապետ Մխալեան եւ իր գործակիցները տեղեկութիւններ ալ փոխանցեցին Թրքահայ ուսուցչաց միութեան գործունէութեան եւ ծրագրերուն առընչութեամբ։

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, գնահատեց միութեան կողմէ տարուած աշխատանքը եւ իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը յղեց վարչայիններուն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019