ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՇԻԼԳԻՒՂԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր յետմիջօրէին ընդունեց խումբ մը եշիլգիւղցի ծնողներն ու իրենց զաւակները։ Այս տղաքը իրենց ընկերներուն հետ համավարակի շրջանին հետեւած էին Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի հեռակայ դրութեամբ աւանդած դասերուն։ Ընդունելութեան ներկայ էին Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունելով ներկաները՝ գոհունակութիւն յայտնեց, որ տղաքը իրենց ծնողներուն հետ եկած են Պատրիարքարան, ծանօթանալու իրենց Հոգեւոր Պետին։ Բաց աստի, համավարակի դժուարին շրջանին կրօնագիտութեան աշխատութիւններու յատկապէս հետեւող մանուկներ տեսնելը ուրախացուցիչ երեւոյթ էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր համար։

Ընդունելութեան մասնակից ծնողները շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ Պատրիարքական Աթոռը պատշաճը տնօրինած էր, որպէսզի նման դասաւանդութիւն կատարուէր ու փափաք յայտնեցին, որ շարունակուի սոյն ծրագիրը։

Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը իր կարելին ի գործ պիտի դնէ այս ուղղութեամբ։

Իբրեւ յիշատակ այս այցելութեան Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաներուն նուիրեց Սուրբ Գիրքեր, երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի Յուշամատեանէն, ինչպէս նաեւ իր իսկ գրի առած «Երկու ուխտաւորներ» գիրքէն օրինակներ։

Հանդիպման վերջաւորութեան ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հայրական վերաբերմունքին եւ ընդունելութեան համար։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19, 2021