ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՐԱՒ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Հարկ է նշել, որ Սամաթիոյ պարագային նախկին թաղային խորհուրդի անդամներէն ոմանց եւ նոր դէմքերու համադրութեամբ ստեղծուած է թեկնածուներու ցանկ մը՝ գլխաւորութեամբ Նուրհան Տավուլճեանի։ Համայնքէն ներս արդէն Սամաթիոյ պարագային համախոհութեան մթնոլորտ կը տիրէ եւ մրցապայքար խնդրոյ առարկայ պիտի չըլլայ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց Սամաթիոյ թեկնածուներուն հետ, լսեց անոնց ապագայի վերաբերեալ մտադրութիւնները եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ, որպէսզի հարուստ աւանդութիւններով, լուրջ մարդուժով եւ բազմաթիւ կառոյցներով մեր այս թաղը միշտ մնայ կենսունակ։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը բոլորին տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2022