ՌՈՒՄԵԼԻ ՀԻՍԱՐԻ ԿԱՊՈՅՏ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն ներկայացուցած կապոյտ ցանկի անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց թեկնածուներու այցելութիւնը եւ լսեց անոնց մտադրութիւններուն եւ ծրագիրներուն շուրջ ներկայացուած բացատրութիւնները։ Թեկնածուներն ալ իրենց հերթին փափաքեցան հաղորդ դառնալ Նորին Ամենապատուութեան հայրական թելադրանքներուն եւ ցուցմունքներուն։ Զրոյցի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները տուաւ թեկնածուներուն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2022