«ԶԱՀՐԱՏ-100» ՀԱՏՈՐԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Հայ արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն անմոռանալի գրող Զահրատի ծննդեան 100-ամեակը ներկայիս կը նշուի զանազան հարթութիւններու վրայ։ Յոբելեանը արժեւորելու համար Պատրիարքական Աթոռն ալ հրատարակած է «Զահրատ-100» հատընտիրը, որ լոյս տեսած է Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի հետ համագործակցութեամբ։ Արդարեւ, Զահրատի արխիւի պատկառելի մասը այս թանգարանին նուիրաբերուած է՝ այրիին՝ Անայիս Եալտըզճեանի կողմէ։

Գիրքին շնորհանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հովանաւորեց ձեռնարկը, որու մասնակցելու համար Երեւանէն քաղաքս փութացած էին տքթ. Յակոբ Այնթապլեան, «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնուհի Սուզաննա Խոջամիրեան, Լուիզա Երամեան եւ Վահագն Զաքարեան։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Դալար Պաղտասարեանի եւ Պօղոս Չալկըճօղլուի, որոնք ընթացքին Զահրատի բանաստեղծութիւններէն նմոյշներ մեկնաբանեցին։ Համայնքային լիսէներէն սաներ ալ միացան Զահրատի գործերու ներկայացման։ Այսպէս, Այլին Մանուկեան, Կարէն Էզիքօղլու, Սարին Քարաման, Արեգ Չաթաք, Նիքոլա Ֆերահեան, Սեսիլ Ռէիզեան, Արատ Վարդանեան եւ Նարօտ Վարդանեան արժանացան ծափահարութիւններու։

Պատրիարքարանի Հրատարակչական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ հատընտիրը կազմած էր, հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Տքթ. Յակոբ Այնթապլեան, որ հատորի գաղափարը յղացած էր, հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Իրմէ վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ Սուզաննա Խոջամիրեան։ Ներկաներուն տեսակէտէ բացառիկ վայելք մըն էր ունկնդրել Սիլվա Կոմիկեանի ասմունքին։ Ան հերթական անգամ պանծացուց Զահրատի ժառանգութիւնը։

Յայտագիրը ունէր նաեւ երաժշտական բաժին մը, որու ընթացքին Լուիզա Երամեան եւ Արթիւր Պաղտասարեան խորապէս տպաւորեցին ունկնդիրները՝ իրենց կատարողական վարպետութեամբ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի եւ տքթ. Յակոբ Այնթապլեանի հետ կատարեց նաեւ նորատիպ հատորին գինեձօնը։

Յայտագրի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաներ հաճելի զրոյց ունեցան՝ ձեռնարկի առթած բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ։

Միւս կողմէ, Երեւանէն ժամանաց հիւրերը երէկ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ առանձնապէս ալ հիւրընկալուեցան Պատրիարքարանի մէջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2024