ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ՔԷՐՄԷՍԸ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ քէրմէսի հրճուանք։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ամանորին ընդառաջ թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ յարդարուած տաղաւարները առիթ հանդիսացան թէ՛ յարակից Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ զօրակցութեան եւ թէ տօնական շրջանի աւանդութեան մը տեւականացման։ Մեր գրեթէ բոլոր թաղերուն մէջ վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենան ամանորեան քէրմէսները, որոնց մասնակիցները կը համակուին տարեմուտի լաւատեսութեամբ ու կը փոխանակեն բարեմաղթութիւններ։ Այս երեւոյթը երէկ իր շարունակութիւնը գտաւ Ֆէրիգիւղի մէջ, ուր քէրմէսը բացուեցաւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի բացման աղօթքով եւ օրհնութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։ Քէրմէսը կազմակերպուած էր Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութեան, թաղի քէրմէսի յանձնախումբին եւ սանուց միութեան ձեռագործի դասընթացքներու մասնակիցներու համատեղ ջանքերով։ Վերոյիշեալ երեք օղակներուն գլխաւոր դէմքերը՝ Ժանէթ Արծիւեան, Թանիա Պալճը եւ Նատիա Տէր-Ղազարեան քէրմէսի բացման հանգրուանին Տէր Հօր կողքին էին։
«Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ քէրմէսի այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուեցան ձեռային զանազան աշխատանքներ եւ ամանորեան ու Ս. Ծննդեան շրջանին բնորոշ զարդեր, որոնք զանազան թաղերէ փութացած համակիրներուն կողմէ սպառուեցան օրուան տեւողութեան։
Այս տարի եւս ֆէրիգիւղցիները այսպէսով յաջողութեամբ պսակած եղան աւանդական քէրմէսի ծրագիրը։