«ՍՈՒՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ» ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԷՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ. «ՏԱՐԻՆԵՐ»

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, համանուն մատենաշարի ծիրէն ներս վերջերս լոյս տեսած է «Տարիներ» անուն գիրք մը, որ ձօնուած է վաղամեռիկ բանաստեղծուհի Թալին Էօզգալայճը-Տէօքմէճեանի յիշատակին։ Ան թէեւ երիտասարդ տարիքի մէջ հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէն, սակայն երախտաւոր գրասէրներ կը վերյիշեն իր բերած նպաստը մեր մշակոյթին։ Սոյն գիրքը կ՚ընդգրկէ թէ՛ իր շարք մը գործերը, թէ՛ իրեն վերաբերեալ վկայութիւններ եւ թէ մամուլին մէջ իր մասին կատարուած հրապարակումները։ Այս բոլորը ճոխացուած են զանազան յատկանշական լուսանկարներով։

Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած են Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Հրատարակչական աշխատանքներուն մէջ դեր ստանձնած են նաեւ Անի Պարոնեան եւ Արի Քամպար։

Գիրքը ձօնուած է ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանին։ «Տարիներ»ը լոյս տեսած է մեկենասութեամբ Էօզգալայճը ընտանիքի։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2019