ԳԷՈՐԳ ԷՕԶԳԱՐԱԿԷՕԶ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Մալաթիացի հայոց «Հայտէր» հայրենակցական միութեան վարչայիններէն ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզը։ Հարկ է նշել, որ այս միութեան հետ համագործակցութեամբ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Արշակ Ալպօյաճեանի յայտնի «Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց» գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը։ Այսօր երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ նախատեսուած է այս գիրքի շնորհանդէսը։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Գէորգ Էօզգարակէօզ Նորին Ամենապատուութեան ներկայացուց այս գործը։ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը ուրախութիւն յայտնեց նման կարեւոր ծրագրի մը կեանքի կոչուած ըլլալուն համար եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2019