ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԸՆՏՐԵԱԼ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը վերջերս հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները, նաեւ թաղի յարակից մարմիններէն խումբ մը ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Գումգաբուի ընտանիքի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին նորընտիր պատրիարքը եւ յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։ Անոնք նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեան շուրջ։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս քաղաքավարական այցի համար։ Ան ընդգծեց Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան տեսակէտէ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան բարեմաղթանքները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2019