Հինգշաբթի 6, Փետրուար 2025
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻ
Մխիթարեան վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը այս տարի եւս մասնակցութիւն բերաւ քաղաքիս՝ Աւստրիոյ մշակոյթի կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած Սուրբ Ծննդեան համերգին, որ տեղի ունեցաւ ներկայ շաբթուան սկիզբը։ Աւստրիոյ հիւպատոսարանին մէջ, Ենիգիւղ, տեղի ունեցաւ այս համերգը, որու ընթացքին Մխիթարեանի երգչախումբին առընթեր հանդէս եկաւ «Ալեւ» վարժարաններու երգչախումբը։ Աշակերտներու կատարումները խոր տպաւորութիւն գործեցին ունկնդիրներուն վրայ, որոնք հաղորդ դարձան Յիսուս մանուկի ծննդեան սքանչելի խորհուրդին։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2019