ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՎԱՆԱՏԱՆ ԵՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐ ՄԱՐՄՆԻ ՂԵԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՇԱՀԵՑԱՆ ԿԱՊՈՅՏ ՑՈՒՑԱԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը շաբաթավերջին քուէատուփի մօտ փութաց՝ իր հաստատութիւններուն նոր մատակարար մարմինները ընտրելու համար։ Այսպէս, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի նոր մատակարար մարմինն ալ յառաջիկայ շրջանին պաշտօնի պիտի կոչուի՝ երէկուան ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ։ Կապոյտ եւ Սպիտակ ցուցակներու մրցակցութիւնով անցաւ այս ընտրութիւնը։ Իրականութեան մէջ, այս մրցակցութենէն աւելի, կազմակերպչական այլ հանգամանք մը ամէն ինչին առջեւը անցած էր Մխիթարեանի պարագային։ Ընտրական մարմինը յայտարարած էր, որ ոչ միայն հայ կաթողիկէ հասարակութեան անդամները, այլեւ հայ առաքելական համայնքի անդամներն ալ պիտի կարողանային քուէարկել։ Շաբաթներ տեւած խառնաշփոթը, հանրային կարծիքի մոլորութիւնը մետասաներորդ պահուն կասեցուեցաւ։ Պաշտօնական մարմինները տեղեկացուցին, որ միայն հայ կաթողիկէ հասարակութեան անդամները իրաւունք պիտի ունենային քուէ գործածելու։ Յամենայնդէպս, այդ վերջնական պատասխանին այնքան ուշ հասնիլը, ընտրական մարմնին որդեգրած վիճելի ընթացքը եւ հակառակ տեսակէտը պաշտպանող լծակներուն ալ թերի աշխատանքը Մխիթարեանի ընտրութեան տեսակէտէ ստեղծեց աններելի պատկեր մը։ Այսինքն, մէկ կողմէ հայ առաքելականներու եւ հայ կաթողիկէներու միջեւ խտրականութեան, նոյնիսկ պառակտման ամօթալի երեւոյթը օրակարգի վրայ եկաւ, իսկ ընտրութիւնն ալ տրամաբանականօրէն վիճելի կացութեան մը մատնուեցաւ։ Արդարեւ, միայն հայ կաթողիկէ հասարակութեան անդամները քուէարկելու իրաւունք ունեցան, սակայն թեկնածուներու շարքին կային նաեւ հայ առաքելականներ։ Այսինքն, մարդիկ, որոնք ընտրող ըլլալու իրաւունք չունէին, գործնականօրէն թեկնածու եղան։

Վստահաբար, յառաջիկայ շրջանին այս բոլորին արժեւորումը կը կատարուի եւ այդ հիման վրայ կը կանխուին այն հաւանական իրաւական անպատեհութիւնները, որոնք կրնան այս կարեւոր հաստատութեան առջեւ ծառանալ հեռահար ձեւով։

Երէկուան ընտրութեան արդիւնքով հայ կաթողիկէ հասարակութեան անդամները Մխիթարեանի ղեկը վստահեցան հետեւեալ կազմին.

Ռաֆաէլ Ժոզէֆ Ալիք, Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, Արսէն Ռոստոմեան, փրոֆ. տքթ. Աքսէլ Սէյահի, Արման Պըյըքլը, Գրիգոր Պալօղլու, տքթ. Սարգիս Սիրոբ, Ճան Տ. Օրունտաշ, Նաթալի Նուարդ Քոչեան-Կազէրօղլու եւ Առլին Գարոլին Գույումճու։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2022