ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔ

Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ Ա­մա­նո­րի ու­րա­խու­թիւ­նը ապ­րուե­ցաւ ա­ւան­դա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Թրքա­հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը տա­րուան վեր­ջին օ­րը հա­մախմ­բուե­ցաւ Գում­գա­բուի մէջ՝ փո­խա­նա­կե­լով եղ­բայ­րա­կան ջերմ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ։ Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու տա­րե­մու­տի ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քը ի­րա­կա­նա­ցաւ՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան եւ օրհ­նու­թեան հա­կիրճ խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայտուե­ցաւ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ան­դամ­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան շուրջ։ Ան վեր­յի­շեց ան­ցեալ տա­րի վախ­ճա­նած հո­գե­լոյս Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէ­զէն­լեա­նը եւ ա­ւել­ցուց, թէ նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն շար­քե­րը հա­մալ­րուած են ե­րեք նոր ձեռ­նադ­րու­թիւն­նե­րով։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը յա­ջո­ղու­թեամբ եւ ա­ռող­ջու­թեամբ լե­ցուն շրջան մը մաղ­թեց հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն հա­մար։

Ա­ւե­լի վերջ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րուն եւ փո­խա­դար­ձեց ա­նոնց։ Ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ ան­ցեալ տա­րուան անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց դրա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան հո­գե­ւոր հայ­րե­րը հրա­ւի­րեց նոր տա­րուան ըն­թաց­քին եւս ա­ղօ­թել ի­րենց եղ­բայր­նե­րուն հա­մար։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ նաեւ Պատ­րիար­քա­րա­նի վեր­ջին շրջա­նի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն վրայ եւ ընդգ­ծեց ա­նոնց ստեղ­ծած դրա­կան ար­ձա­գան­գը։

Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած այս հա­ւա­քէն վերջ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը հա­ւա­քա­բար ան­ցան Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ մայր ե­կե­ղե­ցին, ուր Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն։ Միս­նա­բար եր­գուե­ցաւ «Տէր Ո­ղոր­մեա»ն, իսկ ա­ւար­տին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան լան­ջա­խաչ կրե­լու ար­տօ­նու­թիւն շնոր­հեց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նին եւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեա­նին։

Միւս կող­մէ, Պատ­րիար­քա­րա­նի անձ­նա­կազմն ալ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ ի­րա­կա­նա­ցուց իր ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քը՝ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Ա­նու­շա­պու­րի սե­ղա­նի շուրջ հա­մախմ­բուած անձ­նա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը ստա­ցան Նո­րին Սրբազ­նու­թեան օրհ­նու­թիւն­ներն ու բա­րե­մաղ­թան­քը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շեշ­տեց, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի անձ­նա­կազ­մը կ՚աշ­խա­տի սահ­մա­նա­փակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րը կը յաղ­թա­հա­րուին հա­մե­րաշխ աշ­խա­տան­քով եւ ըն­տա­նե­կան սի­րոյ մթնո­լոր­տով։

Միւս կող­մէ, Ա­մա­նո­րի կէս գի­շե­րին Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նռնօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Քաղաքիս ամենահայահոծ այս թաղի եկեղեցւոյ մէջ երէկ առաւօտ ալ մատուցուեցաւ Ամանորի Ս. Պատարագ՝ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ ջրօրհնէք՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, որ Ամանորի Ս. Պատարագին ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի։

Շաբաթ, Յունուար 2, 2016