ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Գարակէօզեան Տան մէջ Նոր տարուան առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեւոր հանդէս մը։ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» նորակառոյց գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան հաստատութեան պատասխանատուները, դպրոցի ուսուցչական կազմը, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Մարի Արզումանի հանդիսավարութեամբ։ Տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ բարեղմաղթութիւններ յղելով բոլորին։
Աշակերտները ներկայացուցին պարեր, երգեր, աճպարարութիւններ՝ արժանանալով ջերմ ծափողջոյններու։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։ Հուսկ Կաղանդ պապուկը սրահ ժամանելով նուէրներ բաժնեց փոքրիկներուն։ Հանդէսի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը բարեմաղթանքներ փոխանակեցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։