ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին մէջ 2017-ի տա­րե­մու­տին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան հան­դէս մը։ Ամ­բողջ դպրո­ցը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ դի­մա­ւո­րեց Նոր տա­րին։ Ա­մա­նո­րեան հան­դէ­սը հա­մախմ­բեց վար­ժա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներն ու հիւ­րեր։

Հան­դէ­սի բաց­ման ու­սուց­չու­հի Մատ­լէն Ար­զու­ման եւ իր սա­նե­րը նուէր­ներ յանձ­նե­ցին ու­սուց­չա­կան կազ­մի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն։ Այդ նուէր­ներն էին՝ հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան օ­րի­նակ­նե­րով զար­դա­րուած թաշ­կի­նակ­ներ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այդ զար­դե­րը ա­շա­կերտ­նե­րու ձե­ռա­գործն էին՝ այդ նուէր­նե­րը վե­րա­ծուե­ցան հա­ճե­լի ա­նակն­կա­լի մը։

Ու­սու­ցուչ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ ա­շա­կերտ­նե­րը մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ պատ­րա­սուած էին այս հան­դէ­սին։ Բա­ցու­մին նա­խակր­թա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը եր­գեր ու պա­րեր ներ­կա­յա­ցու­ցին Ս. Ծննդեան մա­սին։ Ա­ւե­լի վերջ կա­տա­րուե­ցան ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ, եր­գեր, պա­րեր ու թա­տե­րակ­ներ։ Մե­լի­սա Ա­ւե­տի­քօղ­լու, Առ­լին Քազ, Առ­լին Պո­յա­ճը եւ Նա­թա­լի Մա­շա­լը ստանձ­նած էին ե­րաժշ­տա­կան բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Ա­ռան­ձին կա­տա­րում­նե­րու ա­ռըն­թեր, գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան նաեւ ա­շա­կերտ­նե­րու խմբերգ­նե­րը։ Իսկ միջ­նա­կար­գի տղոց խմբերգ­նե­րը ար­դէն գա­գաթ­նա­կէ­տին հաս­ցու­ցին տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը։

Տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան հան­դէ­սի ա­ւար­տին շնոր­հա­ւո­րեց բո­լո­րի Նոր տա­րին եւ Ս. Ծնուն­դը՝ յղե­լով բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017