Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ԱՄԱՆՈՐԻ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ Այս աշխատանոցի ծրագրերուն մասնակից բազմատասնեակ փոքրիկներ եւ չափահասներ միասնաբար ողջունեցին Նոր տարին։ Փոքրիկներուն համար մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ Կաղանդ պապուկին այցը։ Անոնք ստացան նուէրներ։
Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Առլին Շահպազ Շերեմէթ, որ պատասխանատուն է աշխատանոցի ծրագրերուն։
Խրախճանքի բոլոր մասնակիցները զիրար ողջունեցին նոր տարի մը դիմաւորելու ուրախութեամբ ու փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։
Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2018