ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը տարեմուտի առթիւ հաւաք մը ունեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Աւանդական այս գոհաբանական աղօթքին նախագահեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Այսպէս, դեկտեմբեր 31-ի յետմիջօրէին հոգեւորականաց դասու անդամները համախմբուեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Գոհաբանական աղօթքը աւարտին հասաւ «Տէր ողորմեա»յի երգեցողութեամբ եւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնով։ Ներկայ էր նաեւ խումբ մը կաթոլիկ աստուածաբան հոգեւորականներէ բաղկացեալ խումբ մը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Արարողութենէն վերջ եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը։ Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը ներկայ հոգեւորականներուն փոխանցեց իր Ամանորի պատգամը։ Ան յայտնեց, որ եկեղեցւոյ համար թէ՛ յուզումնալի եւ թէ բերկրալի տարի մըն էր 2019 թուականը։ Արդարեւ, անցեալ տարուան մէջ վախճանեցաւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը, իսկ տարեվերջին երկար սպասումէ վերջ տեղի ունեցաւ պատրիարքական ընտրութիւն։ Պատրիարքական Աթոռը տիրացաւ իր 85-րդ գահակալին։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ Աստուծոյ կամքով, ժողովուրդի եւ հոգեւորականաց համատեղ ընտրութեամբ ինք կոչուած է այս պատասխանատու պաշտօնին։ Ան ընդգծեց, որ եկեղեցին եւ համայնքը կ՚ակնկալեն՝ համայնքի լիրաժէք կեդրոնը դառնալիք Պատրիարքարան մը, ուր պիտի համախմբուին համայնքի բոլոր անդամները։ Նորին Ամենապատուութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ ապագայ բազում ծրագրեր կեանքի պիտի կոչուին՝ Աթոռի հոգեւորականաց դասու գործօն մասնակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ ընտրութեան շրջանը հասած է իր աւարտին, եկեղեցականաց դասը այլեւս պատրաստ պէտք է ըլլայ դիմագրաւելու հոգեւոր մարտահրաւէրները։ Մասնաւորապէս կարեւորելով սերունդ կերտելու անհրաժեշտութիւնը՝ Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, ըլլալով նուիրապետական Աթոռ մը, պէտք է պատրաստէ հոգեւորականներու ապագայ սերունդ մը։ «Նոր տարին լեցուն է նման սպասումներով», ըսաւ ան ու մաղթեց, թէ 2020-ը դառնայ Պատրիարքական Աթոռին համար յիշարժան տարի մը՝ կատարեալ յաջողութիւններով։

Հաւաքի աւարտին, աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ։ Աւելի վերջ տեղի ունեցաւ աւանդական անուշապուրի հիւրասիրութիւն եւ հոգեւոր հայրերը զիրար շնորհաւորեցին տարեմուտի առթիւ։

Բաց աստի, Պատրիարքարանի անձնակազմն ալ տարեմուտի առթիւ մէկտեղուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան հետ դահլիճին մէջ։ Դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան յանուն անձնակազմին շնորհաւորութիւններ եւ արեւշատութեան մաղթանքներ յղեց Պատրիարք Հօր։ Իր կարգին, Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրն ալ շեշտեց, որ յառաջիկայ շրջանը Աթոռին տեսակէտէ պիտի ըլլայ առաւել եւս ծանրաբեռնուած։ Իր խօսքով՝ Պատրիարքարանը համայնքի տունն է եւ բազում առիթներ պէտք է ստեղծուին, որպէսզի ան գործէ իբրեւ համայնքի լիարժէք կեդրոնը եւ դառնայ հասարակաց յայտարար։ Բոլոր ծրագրերը կեանքի պիտի կոչուին պաշտօնէութեան զօրակցութիւնով եւ աշխատութեամբ։ Նորին Ամենապատ-ւութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց, որ կան նաեւ ծառայելու պատրաստ հոգեւորականներ։

Օրհնելով բոլոր ներկաները՝ Նորին Ամենապատուութիւնը կանգ առաւ նաեւ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին վրայ։ Ան յիշեցուց, որ կը տօնախմբուի տաղաւար մը, որով բոլոր քրիստոնեաները հոգեպէս զօրանալու առիթ կը գտնեն։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ աջահամբոյրով։

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020