ՎԵՐՃԻՀԱՆ ԶԻՖԼԻՕՂԼՈՒԻ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լրագրող-բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Beni Unutma Rusyam»։ Այս գիրքը շուրջ եօթ տարուան ընթացքին հեղինակին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ պատրաստուած է։ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան ընթացքին եւ աւելի վերջ ռուսաց Նիքոլայ ցարի Սպիտակ բանակէն զինուորներ եւ ազնուականներ ապաստան գտան աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ՝ ներառեալ Թուրքիան։ Այդ շրջանին Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած Սպիտակ ռուսերու թիւը կը հասնէր 300 հազարի։ Վերճիհան Զիֆլիօղլու ուշադրութեամբ հետեւած է անոնց հետքերուն։ Ուսումնասիրութեան համար քանիցս այցելած է Ռուսաստան, հանդիպումներ ունեցած է կենդանի վկաներու հետ։ Գործին բովանդակութիւնը ա՛լ աւելի հետաքրքրական դարձած է՝ շնորհիւ այն անտիպ լուսանկարներուն, որոնք տեղ գտած են այնտեղ։ Գիրքին մէջ խոշորացոյցի տակ առնուած կերպարներու ոմանց պարագային խնդրոյ առարկայ են հայկական արմատներ։ Վստահաբար հետաքրքիրներու տեսակէտէ այս գործը ըլլայ շահեկան։ 

Մինչ այդ, կը տեղեկանանք, որ «Kuzey Işığı» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած այս գիրքին համար ներկայ ամիսէն սկսեալ նախատեսուած են շարք մը շնորհանդէսներ։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019