ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն եւ անդամուհիներէն Մելիսա Սիւմէն։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Այցելութեան ժամանակ թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պիւյիւքտէրէի եկեղեւցոյ նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքներու ընթացքին շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան ու ծրագրերուն։ Թաղականները տեղեկացուցին, որ վերանորոգութեան աշխատանքները հասած են եզրափակիչ փուլին, ուստի Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութիւնը խնդրեցին պաշտամունքի վերաբացման համար։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց վերանորոգութեան աշխատանքները եւ հրահանգեց, որպէսզի օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը տեղի ունենայ 25 փետրուար 2022-ին։

Թաղականները Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առին՝ ստանալով Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 2, 2022