ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ՝ ԶԱՆԱԶԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐԷ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ ընդհանուր քննարկում մը տեղի ունեցաւ՝ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու մասնակցութեամբ։ Միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը կը հետապնդէր անդամներու պահանջներուն եւ մօտեցումներուն վերահասու դառնալու նպատակը։ Սանուց միութեան ընդհանուր կացութիւնը խոշորացոյցի տակ առնուեցաւ՝ այժմու վարչութեան շուրջ մէկ տարիէ ի վեր ծաւալած գործունէութեան լոյսին տակ։ Այդ ընդհանուր արժեւորումին զուգահեռ նախանշուեցան նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները։

Շրջանաւարտից հաւաքը սկսաւ միութեան վարչայիններէն Նուպար Օփսարի ողջոյնի խօսքով։ Աւելի վերջ դարձեալ վարչութեան կազմէն Արիճան Փաքէր փոխանցեց մանրամասն տեղեկութիւններ զանազան նիւթերու շուրջ։ Ան առաջնահերթօրէն կանգ առաւ վարչութեան կողմէ ծաւալուած աշխատանքներուն վրայ։ Արիճան Փաքէր դիտել տուաւ, որ սեպտեմբեր ամիսէն ի վեր միութիւնը կիրակի օրերը շրջանաւարտներու համար կը կազմակերպէ նախաճաշեր, որոնք կ՚անցնին շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ եւ ծնունդ կու տան նոր արդիւնաւէտութեան։ Արդարեւ, միութեան բոլոր անդամները համոզուած են, թէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ի մի հաւաքուիլը։ Այս շրջանին վարչութիւնը կը նախատեսէ Դպրեվանքի շրջանաւարտներուն միջեւ զօրակցութեան եւ իրերօգնութեան մակարդակը բարձրացնել եւ այս նպատակին համար գործարարներու յանձնաժողով մը պիտի ստեղծուի յառաջիկայ շրջանին։ Արիճան Փաքէր տեղեկացուց նաեւ, որ 2023 թուականին պիտի նշուի Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան 70-ամեակը եւ այժմէն արդէն սկսած են յոբելենական հանգրուանի նախապատրաստական աշխատանքները։

Հաւաքի ընթացքին միութեան վարչայիններէն Սարգիս Կիւրեղն ալ խօսք առաւ եւ բացատրութիւններ տուաւ կարեւոր նիւթի մը շուրջ։ Արդարեւ, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան վարչութիւնը վերջին շրջանին շփման մէջ անցած է նման առաքելութեամբ մեր համայնքի միւս միութիւններուն հետ։ Այդ շփումներուն ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան միութենական կեանքի առկայ դժուարութիւններուն եւ հեռանկարներուն կապակցութեամբ։ Ուստի, Սարգիս Կիւրեղ սանուց միութիւններու հետ տարուած այդ շփումներու արդիւնքներուն, խմորուած գաղափարներուն եւ միութենական կեանքի ընդհանուր կացութեան շուրջ ներկայացուց մանրամասնութիւններ։

Դարձեալ վարչայիններէն Արման Օլուք բացատրութիւններ տուաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան ելմտական կացութեան շուրջ։

Միութեան վարչայիններուն առընթեր հաւաքի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան։ Այս առթիւ Թորոս Ալճան բացատրութիւններ տուաւ վերջին ութ տարիներու ընթացքին խնամակալութեան կողմէ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Ան ըսաւ, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն ներս խնամակալութեան, դպրոցի եւ միութեան փոխլրացնող գործունէութիւնով կ՚արձանագրուին յաջողութիւններ։ Իր կարգին, Արմէն Սարուխանեանն ալ ներկայացուց դպրոցի կացութեան ընդհանուր պատկերը։

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի պատասխանատուներու այս ելոյթներէն վերջ, շրջանաւարտները ընդհանուր կարծիքի փոխանակումներ ունեցան։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացան միութեան վերաբերեալ ակնկալութիւնները։

Բաց աստի, դպրեվանքցիները լուսարձակի տակ առին նաեւ թրքահայ կեանքի ընդհանուր ընթացքը՝ մասնաւորապէս ընկերամշակութային կտրուածքով։

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2020