ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Եուրկէն Շուլցը։ Պատրիարքարանի հանդիպման ընթացքին Շուլցին ընկերացան իր կողակիցը եւ դեսպանութեան խորհրդականներէն Փոլ Ամանն։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին դեսպանին տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան ու գործունէութեան, ընդհանրապէս թրքահայ իրականութեան շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան բերումով եւ բարեմաղթութիւններ յղեց գերմանացի դեսպանին Թուրքիոյ մէջ պաշտօնավարութեան համար։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021