ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԱԿԼԱՏԻԶ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս այս շրջանին իրերայաջորդ կեանքի կոչուեցան ընկերամշակութային բնոյթով ծրագրեր։ Ըստ հայկական հին սովորութեան, Ս. Զատկի ընդառաջ «Ակլատիզ»ներ զետեղուած են դպրոցի շէնքի իւրաքանչիւր յարկէն ներս։ Այսպէս, սոխի վրայի 7 փետուրները կը խորհրդանշեն Մեծ պահքի 7 շաբաթներն ու 7 մահացու մեղքերը։ Աշակերտները ամէն ուրբաթ ակլատիզի փետուրներէն մին կը պակսեցնեն՝ քայլ առ քայլ պատրաստուելով Ս. Զատկին։

Վերջին օրերուն դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ Բուն բարեկենդանի առթիւ հանդէս մը։

Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս աւելի առաջ ալ նշուած էին 19 փետրուարի Գիրք նուիրելու օրն ու 21 փետրուարին Մայրենիի համաշխարհային օրը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2022