ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիոյ հարաւը, արեւելքը եւ հարաւ-արեւելքը ամբողջութեամբ ցնցած իրերայաջորդ աղէտալի երկրաշարժներէն վերջ, լրջօրէն վնասուած են նաեւ երկրի բազմաթիւ քաղաքներու սրբավայրերը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս Հաթայի կացութիւնը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Արդարեւ, այդ քաղաքին մէջ բազմաթիւ կրօններու սրբատեղիներ փուլ եկած են՝ աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով։

Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հաթայի սրբավայրերու վերականգնման կապակցութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցած է կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Սինան Աքսոյ Հաթայի բոլոր վաքըֆներու պատասխանատուներուն հետ ժողով մը գումարած են՝ երկրաշարժին յաջորդած իրավիճակին մէջ։ Ըստ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներուն, այս ժողովին մասնակցած է նաեւ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշ։ Այս վերջինը խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ ամփոփ տեղեկութիւններ ուղարկած է Պատրիարքարան։

Ժողովի ընթացքին սրբավայրերու վերականգնման հորիզոններուն շուրջ մատնանշուած են սկզբունքային կարեւոր հանգամանքներ։ Նախարարը նշած է, որ կացութեան վերջնականօրէն հասցէագրումէն վերջ գործնական քայլեր պիտի առնուին։ Պետութիւնը պիտի ջանայ ամէն տեսակ օժանդակութիւն ցուցաբերել՝ սրբավայրերու վերականգնման ուղղութեամբ։ Եուսուֆ Թապաշ հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ բերած է նաեւ Քըրըքխանի հայկական եկեղեցւոյ վերակառուցման խնդիրը։ Արդարեւ, այդ մէկը ամբողջ շրջանի միակ քրիստոնէական պաշտամունքի վայրը կը հանդիսանայ։ Թապաշ նշած է, որ թէեւ այդ եկեղեցւոյ շուրջ հաւատացեալներ չեն մնացած, սակայն անոր վերականգնումը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Նախարարն ալ այս կապակցութեամբ խոստացած է, որ այդ եկեղեցւոյ վերակառուցման ուղղութեամբ պիտի ցուցաբերուի ամէն տեսակ օգնութիւն։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2023