ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՕՐՀՆԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ՝ հսկողութեամբ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի եւ ուսուցչուհի Աննա Սարը Սեչքինի։ Աշակերտները ունկնդրեցին նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր քարոզին։ Արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը առանձնապէս մէկտեղուեցաւ աշակերտական խումբին հետ։ Ան տղոց փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին ըրաւ հայրական յորդորներ եւ անոնց յղեց բարեմաղթանքներ։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2024