ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՊՏՈՅՏ ՄԸ՝ ԴԷՊԻ ԱՐՄԱՇ ԵՒ ՊԱՐՏԻԶԱԿ

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս շաբ­թուան սկիզ­բին պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ դէ­պի Պար­տի­զակ եւ Ար­մաշ։ Դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը եւ հա­մա­կիր­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան այս ծրագ­րին։ Բազ­ման­դամ խում­բով մը կազ­մա­կեր­պուած պտոյ­տին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րուե­ցաւ նաեւ Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նէն։

Ծա­նօթ է, որ Ար­մաշն ու Պար­տի­զա­կը շուրջ դար մը ա­ռաջ ե­ղած են հա­յաբ­նակ շրջան­ներ։ Եր­կուքն ալ խորհր­դան­շա­կան գիւ­ղեր կը հա­մա­րուին ա­րեւմ­տա­հայ ժա­ռան­գու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Ար­մա­շի Դպրե­վան­քին հունձ­քը նա­խախ­նա­մա­կան դեր կա­տա­րած է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ար­դի պատ­մու­թեան մէջ եւ այ­սօ­րուան մեր Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քը կը հա­մա­րուի ա­նոր խորհր­դան­շա­կան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը։

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած պտոյ­տի մաս­նա­կից­նե­րը վե­րա­դար­ձան ան­մո­ռա­նա­լի ապ­րում­նե­րով։ Եր­կու օ­րե­րու ըն­թաց­քին ի­րենց ա­կա­նա­տես ե­ղա­ծը իս­կա­պէս տպա­ւո­րիչ էր խո­րա­պէս։ Այդ տպա­ւո­րու­թիւ­նը միայն զգա­ցա­կան հան­գա­մանք­նե­րով կամ պատ­մա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ չէր պայ­մա­նա­ւո­րուած։ Ար­դա­րեւ, պտոյ­տի մաս­նա­կից­նե­րը ա­կա­նա­տես ե­ղան շօ­շա­փե­լի հետ­քե­րու։ Ա­նոնց շար­քին ա­մե­նա­վառ հետ­քը կը հա­մա­րուէր Ար­մա­շի եր­բեմ­նի Դպրե­վան­քի ջա­ղաց­քը, որ օգ­տա­գոր­ծուած է մին­չեւ 1950-ա­կան թուա­կան­նե­րը։ Իս­թան­պուլ վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պար­հին պտոյ­տի մաս­նա­կից­նե­րու խում­բը նկա­րա­հա­նուե­ցան այդ ջա­ղաց­քին մօտ. ջա­ղացք մը, որ այդ մթնո­լոր­տին մէջ կ՚ար­ժա­նա­նար յու­շա­կո­թո­ղի մը վե­րա­բեր­մուն­քին։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016