Երկուշաբթի 3, Փետրուար 2025
ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Թրքահայ Ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ այս շրջանին համայնքային վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներուն համար նախատեսուած է դասընթացներու շարք մը։ Այս ծիրէն ներս առաջին հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին, Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Դասընթացներու ատենախօսն է Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Երեք փուլով նախատեսուած այս շարքի միւս դասախօսութիւնները նախատեսուած են ապրիլի մէջ։
Լուսանկարին մէջ կ՚երեւին Գերապայծառն ու դասընթացքի մասնակիցները։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019