ԹԱԼԻՆ ԵԸԼՏԸԶ TOGG-Ի ԿՈՂՄԷ CMO ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ

Թուրքիոյ Ինքնաշարժի նախաձեռնութեան խմբակը (TOGG) բարձր մակարդակի կառավարիչ (CMO) նշանակեց Թալին Եըլտըզը, որ շուկայավարման (մարքեթինկ) պատասխանատու պիտի ըլլայ։ Ան ինքնաշարժներու արտադրութիւններու բնագաւառէն ներս շատ փորձառու անուն մըն է։ Աւելի քան քսան տարուան համաշխարհային փորձառութիւն մը կուտակած է եւ ծանօթ է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Եւրոպայի մէջ շուկայավարման վրայ ստանձնած կարեւոր պատասխանատուութիւններով։ Այս բոլորի հիման վրայ Թալին Եըլտըզ ապրիլի 1-ի դրութեամբ պաշտօնի կոչուած է՝ գլխաւորելու համար TOGG-ի շուկայավարման բաժինը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ ալ լայն արձագանգ գտած է իրեն վստահուած այս նոր պաշտօնը՝ որպէս հեղինակաւոր ու փորձառու անուն։

Արտադրանքի ղեկավարման, ծրագրաւորման, գնացուցակներու, շուկայավարման, վաճառքի, վաճառանիշի կառավարման եւ հաղորդակցութեան նման ոլորտներու պատասխանատուն պիտի ըլլայ Թալին Եըլտըզ, որ TOGG-ի համար պիտի գլխաւորէ նաեւ յաճախորդներու հետ յարաբերութիւններու ղեկավարումը, շուկաներու ուսումնասիրութիւնը եւ յաճախորդներու վերաբերեալ տեղեկատուութեան ղեկավարութիւնը։

Թալին Եըլտըզ աւարտած է Կալաթասարայ համալսարանը եւ իր բարձրագոյն ուսումը կատարելագործած՝ Ֆրանսայի մէջ։ Մագիստրոսի կոչում ստացած է Սորպոնի համալսարանէն, Փարիզ։ Նոյնպէս Փարիզի մէջ աշխարհահռչակ Renault-ի համաշխարհային շուկայավարման տնօրէնուհին եղած է։ Յաճախորդներու կարիքներու ներթափանցման եւ ուսումնասիրման ուղղեալ օգտագործած է արհեստական բանականութիւն եւ գործի բանականութեան միջոցներ։ Այս յաջողութիւններուն հիման վրայ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ արտասահմանի մէջ վայելած է համբաւ։

TOGG համաշխարհային փորձառութեամբ խումբով մը եւ ճկուն կառուցուածքով մը յառաջ կը տանի իր գործունէութիւնը եւ այս շրջանին իր համակարգին գլուխը բերած է Թալին Եըլտըզը, որ կ՚առանձնանայ իր փորձառութեամբ, ճկուն ղեկավարման հասկացութիւնով, խմբային աշխատանք կազմակերպելու կարողութիւնով եւ անորոշ իրավիճակներու մէջ արձանագրած ղեկավարման յաջողութիւններով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020