ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԷՐԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
«Քրիստին Սալէրի» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթին մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Ծանօթ է, որ այս հիմնարկը ստեղծուած է վառ պահելու համար անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալէրիի յիշատակը։ Մօտաւոր անցեալին ան մեր ընկերամշակութային կեանքէն ներս ունեցած է անփոխարինելի ներդրում մը։ Քրիստին Սալէրիի յիշատակը կենդանի պահելու եւ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցելու առաջադրութեամբ, վերջին տարիներուն կը կազմակերպուի իսթանպուլահայ վարժարաններու մասնակցութեամբ նկարչութեան մրցոյթ մը։ Ամէն տարի այս ծրագիրը առիթ կը հանդիսանայ ոգեւոր մթնոլորտի մը ստեղծուելուն։ Քրիստին Սալէրիի յիշատակին ձօնուած մրցոյթը այս տարի կազմակերպուեցաւ հինգերորդ անգամ։ Տղաքը իրենց ստեղծագործական տաղանդը ներկայացուցին երեք դասաւորումներու մէջ։ Առաջինէն մինչեւ չորրորդ դասարանները կազմեցին մէկ խումբ մը, հինգերորդէն մինչեւ ութերորդ դասարանները ստեղծեցին ուրիշ խումբ մը, իսկ վերջին խումբը բաղկացաւ իններորդէն մինչեւ տասներկրորդ դասարանները։ Առաջին խումբին ստեղծագործութեան նիւթն էր Բարեկենդանը, իսկ միւս երկու խումբերը աշխատեցան երջանկութեան վրայ։ Մրցոյթի արդիւնքը եղաւ ըստ հետեւեալին.
Առաջինէն մինչեւ չորրորդ դասարաններու դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Յասմիկ Վարդերեսեան («Հրանդ Տինք» վարժարան), երկրորդ՝ Նորա Տավուլճեան (Սահակեան-Նունեան վարժարան) եւ երրորդ՝ Լոռին Սուզմէ (Գարակէօզեան վարժարան)։ Այս դասաւորման մէջ մանսիոնի արժանի նկատուեցան՝ Լոռին Սերգիսեան (Պէզճեան Մայր վարժարան), Քրիստին Էօզհարար (Մէրամէթճեան վարժարան) եւ Նիքոլ Սէրլի Իշկիւզար (Էսաեան վարժարան)։
Հինգերորդէն մինչեւ ութերորդ դասարաններու դասաւորման մէջ առաջինը հանդիսացաւ Էվկին Այտըն (Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարան), երկրորդ՝ Նարօ Փիոսեան (Էսաեան վարժարան) եւ երրորդ՝ Ֆաթմա Կէօրիւր (Գալֆաեան վարժարան)։ Մանսիոնի արժանի նկատուեցան՝ Քրիստին Ծառուկ (Մէրամէթճեան վարժարան), Քարլա Ժանէթ Ապաճը (Սահակեան-Նունեան վարժարան) եւ Արաս Էօճալ (Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարան)։
Իններորդէն մինչեւ տասներկրորդ դասարաններու դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Իմելտա Գույումճու (Սահակեան-Նունեան վարժարան), երկրորդ՝ Միքայէլ Նիկողոսեան (Կեդրոնական վարժարան) եւ երրորդ՝ Յարութ Աճուեան (Սահակեան-Նունեան վարժարան)։ Այս դասաւորման մէջ դատակազմին կողմէ խրախուսելի համարուեցան՝ Սելինա Մէյտան (Մխիթարեան վարժարան), Ժան Սամուրքաշ (Մխիթարեան վարժարան) եւ Արտէն Պօղոսեան (Կեդրոնական վարժարան)։
Մրցանակաբաշխման հանդիսութեան ընթացքին յանուն կազմակերպիչներուն շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ «Քրիստին Սալէրի» հիմնարկի հիմնադիրներէն Ռեհան Սարըպայ, որ շնորհաւորեց բոլոր դափնեկիրները, մրցոյթին բոլոր մասնակիցներն ու անոնց նկարչութեան ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դատակազմի անդամներուն։ Ռեհան Սարըպայ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մխիթարեան վարժարանին եւ Մխիթարեան սանուց միութեան, որոնք այս մրցոյթի կազմակերպման համար միշտ համագործակցութիւն կը ցուցաբերեն պատրաստակամ ոգիով։ Սարըպայէն վերջ սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց «Քրիստին Սալէրի» հիմնարկէն Մարինա Սիլվիա Սալէրի, որ փութացած էր Միացեալ Նահանգներէն։
Դատակազմի անդամներն էին՝ Մառլէն Թէքիրտաղլըճան, Արշօ Գասպարեան, Մայտա Սարիս, Ռեհան Սարըպայ եւ Արթին Տեմիրճի։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024